Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՁայ­նե­րու գե­րակշ­ռող մե­ծա­մաս­նու­թեամբ, Եւ­րո­պա­յի ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը ­Կի­րա­կի՝ ­Նո­յեմ­բեր 15ին, ­Լիո­նի մէջ կա­յա­ցած հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, վա­ւե­րա­ցու­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին բա­նա­ձեւ մը, ըստ ո­րուն՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ի­րա­գոր­ծած է հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ:

­Բա­նա­ձե­ւը նաեւ կոչ կ­՛ը­նէ ­Թուր­քիոյ, որ ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տի՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ հաշ­տե­ցում հաս­տա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Եւ­րո­պա­յի ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը նաեւ կոչ ը­րած է ցարդ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չճանչ­ցած բո­լոր եր­կիր­նե­րուն՝ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն ճանչ­նա­լու զայն: ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը ընդգ­ծած է, որ նման քայ­լեր դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման վրայ եւ պի­տի նպաս­տեն նման ո­ճիր­նե­րու կան­խար­գիլ­ման: ­Բա­նա­ձե­ւին մէջ, Եւ­րո­պա­յի ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը ցաւ կը յայտ­նէ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ու­նե­ցո­ւած­քի կո­րուս­տին հա­մար եւ կոչ կ­՛ը­նէ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան, որ յար­գէ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ ձեռ­նար­կէ խիստ մի­ջոց­նե­րու՝ զայն պաշտ­պա­նե­լու հա­մար:

­Բա­նա­ձե­ւը կը պա­հան­ջէ Ան­գա­րա­յէն, որ վե­րագ­նա­հա­տէ պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին նիւ­թե­րը, բա­նայ ար­խիւ­նե­րը՝ պատ­մա­բան­նե­րու, հե­տա­զօ­տող­նե­րու եւ գիտ­նա­կան­նե­րու առ­ջեւ՝ փոր­ձե­լով հաշ­տո­ւիլ ան­ցեա­լին հետ: ­Բա­նա­ձե­ւը այս բո­լո­րին տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը նկա­տէ ջնջել ­Թուր­քիոյ քրէա­կան օ­րէնս­գիր­քի թիւ 301 յօ­դուա­ծը, որ նաեւ կը սահ­մա­նա­փա­կէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ քա­ղա­քա­կան եւ հան­րա­յին քննար­կում­նե­րը:

Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր, ­Կա­նաչ­նե­րու խմբակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ, «­Հա­յաս­տա­նի Եւ­րո­պա­ցի ­Բա­րե­կամ­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան խորհր­դա­տո­ւա­կան խում­բի ան­դամ ­Մի­շել ­Ռի­վա­զին ը­սած է.- «Ինչ­պէս կը յի­շեց­նեն ­Փա­րի­զի մէջ կա­տա­րո­ւած ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րը, աշ­խար­հը կանգ­նած է լուրջ հար­ցի առ­ջեւ: Եր­կար տա­րի­նե­րով ա­տե­լու­թեան խօս­քը բա­ւա­րար չա­փով չէ դա­տա­պար­տո­ւած, ինչ որ օգ­նած է ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն, որ տա­րա­ծեն ի­րենց քա­րոզ­չու­թիւ­նը եւ բարձ­րաց­նեն բռնու­թեան մա­կար­դա­կը։ Այս­պէս պէտք չէ շա­րու­նա­կել։ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին, Եւ­րո­պա­յի ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան վա­ւե­րա­ցու­ցած այս բա­նա­ձե­ւին նպա­տակն է յի­շեցնել իւ­րա­քա­նա­չիւր եր­կի­րի, որ իր մաս­նա­բա­ժի­նը ու­նի ներդնե­լու՝ ա­ւե­լի խա­ղաղ աշ­խարհ մը մէջ­տեղ բե­րե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ: Այս պատ­ճա­ռով, ­Թուր­քիա պէտք է այժմ դադ­րեց­նէ իր ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ժխ­տու­մը ա­տե­լու­թեան շար­ժա­կին վա­ռե­լա­նիւթն է։ ­Թուր­քիան միայն պի­տի շա­հի՝ ճանչ­նա­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ա­ռանց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, խա­ղա­ղու­թիւն կա­րե­լի չէ հաս­տա­տել»: «­Հա­յաս­տա­նի Եւ­րո­պա­ցի ­Բա­րե­կամ­ներ» (Հ.Ե.Բ.ի կայքն է՝ www.EuFoA.am») կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար Է­տո­ւար­տօ ­Լո­րեն­ցօ Օ­չօա եւս դրո­ւա­տած է բա­նա­ձե­ւին վա­ւե­րա­ցու­մը։

Եւ­րո­պա­յի ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը հա­մաեւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն է, որ ի մի կը բե­րէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 45 ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւն ու շուրջ 50 ա­թոռ ու­նի Եւ­րո­խորհրդա­րա­նին մէջ՝ Եւ­րո­պա­կան Ա­զատ ­Դա­շինք խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան շար­քե­րէն ներս։