Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altԿը նա­խա­տե­սո­ւի ­Ջա­ւախ­քի մէջ եւս բա­նալ «­Թու­մօ» Ս­տեղ­ծա­րար Ար­հես­տա­գի­տու­թեանց (տեխ­նո­լո­գիա­նե­րու) ­Կեդ­րոն (Ս.Ա.Կ.): Ծ­րագ­րի ի­րա­գործ­ման հա­մար այժմ ա­ռաջ­նա­հերթ խնդի­րը կեդ­րո­նի հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան շէն­քի ընտ­րու­թիւնն է: Այս մա­սին ­Նո­յեմ­բեր 16ին յայ­տա­րա­րած է «­Թու­մօ» Ս­տեղ­ծա­րար Ար­հես­տա­ գի­տու­թեանց ­Կեդ­րո­նի գլխա­ւոր տնօ­րէն ­Մա­րի ­Լու ­Փա­փա­զեան՝ «­Ջա­ւախ­քին Ա­ջակ­ցու­թիւն» ­Հիմ­նադ­րա­մի ա­ռա­ջին հա­շո­ւե­տու նիս­տի ժա­մա­նակ:

«­Կեդ­րո­նի ստեղծ­ման հա­մար մեր նա­խա­տե­սած եր­կու շէն­քը փլա­տակ վի­ճա­կի մէջ են եւ մեծ աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջո­ւի՝ զա­նոնք բա­րե­կար­գե­լու հա­մար: ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու տա­րի անհ­րա­ժեշտ պի­տի ըլ­լայ վե­րա­նո­րոգ­ման, անհ­րա­ժեշտ կա­հոյ­քով, հա­մա­կար­գիչ­նե­րով եւ այլ տեխ­նի­կա­կան պա­րա­գա­նե­րով ա­պա­հո­վե­լու հա­մար»,- ման­րա­մաս­նած է ­Փա­փա­զեան:

­Կեդ­րո­նը պի­տի ըլ­լայ Ա­խալ­քա­լաք քա­ղա­քին մէջ: ­Պի­տի ընտ­րո­ւի այն­պի­սի տա­րածք, որ հե­տա­գա­յին ընդ­լայ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նայ, ե­թէ կեդ­րո­նին մէջ սոր­վիլ ցան­կա­ցող­նե­րու թի­ւը նա­խա­տեսուած 900ը գե­րա­զան­ցէ:

Ա­շա­կերտ­նե­րը պի­տի յա­ճա­խեն տար­բեր հեր­թա­փոխ­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րին միա­ժա­մա­նակ ըն­դու­նիլ հնա­րա­ւոր չէ: ­Փա­փա­զեա­նի խօս­քե­րով՝ պի­տի ստեղ­ծո­ւին բո­լոր հնա­րա­ւոր պայ­ման­նե­րը, որ­պէս­զի կեդ­րո­նը հա­սա­նե­լի ըլ­լայ ոչ միայն Ա­խալ­քա­լա­քի, այ­լեւ շրջա­նի գիւ­ղե­րու ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար: Ա­նոնք պի­տի ա­պա­հո­վո­ւին եր­թե­ւե­կու­թեան մի­ջոց­նե­րով եւ այլ յար­մա­րու­թիւն­նե­րով: ­Կեդ­րո­նին մէջ կրնան ու­սա­նիլ 12-18 տա­րե­կան բո­լոր փա­փա­քող­նե­րը` ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան:

«­Մեր ա­ռա­քե­լու­թիւնն է պատ­րաս­տել ան­հատ­ներ, ո­րոնք պի­տի ըլ­լան մրցու­նակ, ինք­նավս­տահ եւ օգ­նել ա­նոնց՝ բա­ցա­յայ­տե­լու ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նե­րու­ժը: Ա­ռա­ջին եր­կու ա­մի­սը կա­րե­լի է հա­մա­րել ընդ­հա­նուր ու­նա­կու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման շրջան, երբ նո­րե­կը կը ծա­նօ­թա­նայ մի­ջա­վայ­րին ու ու­սուց­ման պայ­ման­նե­րուն, կը ստա­նայ ընդ­հան­րա­կան գի­տե­լիք­ներ: ­Յե­տոյ, կողմ­նո­րո­շո­ւե­լով իր նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցով, կ­՛ընտ­րէ յստակ ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւն եւ կը խո­րաց­նէ հմտու­թիւն­նե­րը այդ բնա­գա­ւա­ռին մէջ»,- ը­սած է կեդ­րո­նի գլխա­ւոր տնօ­րէ­նը:

«­Թու­մօ» կեդ­րո­նը անվ­ճար ար­տադպ­րո­ցա­կան ծրա­գիր է, ուր 12-18 տա­րե­կան պա­տա­նի­նե­րը կ­՛ու­սա­նին սե­փա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ: Ա­ռա­ջին ­Թու­մօն ստեղ­ծո­ւած է Ե­րե­ւա­նի մէջ` ­Սեմ եւ ­Սիլ­վա ­Սի­մոնեան­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ` ­Սի­մո­նեան Կրթա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի կող­մէ եւ իր դռնե­րը բա­ցած է ա­շա­կերտ­նե­րու առ­ջեւ 2011ի Օ­գոս­տոս 14ին: ­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան «­Գի­տե­լիք ­յա­նուն զար­գաց­ման» ծրագ­րի շնոր­հիւ, 2013ի ­Փետ­րո­ւա­րէն, ­Թու­մօն կը գոր­ծէ նաեւ ­Դի­լի­ջա­նի մէջ (մօտ 300 ու­սա­նող ու­նի): ­Թու­մօ-Հ.Բ.Ը.Մ. գոր­ծակ­ցու­թեամբ 2015ի ­Մա­յի­սին բա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ ­Գիւմ­րիի ­Թու­մօ կեդ­րո­նը: 2015ի ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին ­Թու­մօ կեդ­րոն բա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ Լ.Ղ.Հ. մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ:

­Գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­տում ու­նի տա­րա­ծե­լու ­Թու­մօն ­Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս:

Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ­Հոկ­տեմ­բեր 20ին, ­Լո­ռիի մարզ­պե­տին եւ մարզ­պե­տա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ, յայտ­նած է, որ «­Թու­մօ» Ս­տեղ­ծա­րար Ար­հես­տա­գի­տու­թեանց ­Կեդ­րոն պի­տի բա­ցո­ւի նաեւ ­Վա­նա­ձո­րի մէջ: