Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր


Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ թէ թերթի խմբագրութեան մօտ այցելութիւն մը տուած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, աւելի մօտէն ճանչնալու համար խմբագրական կազմն ու աշխատանքները, ինչպէս եւ բացատրութիւններ տալու ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներու մասին:


Լաքի Վինկաս հետաքրքրական եւ օգտաշատ զրոյց մը ունեցած է խմբագրապետ Ռոպպեր Հատտէճեանի, հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի եւ փոխ խմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեանի հետ:
Այն օրէն ի վեր, երբ Թուրքիոյ մէջ որպէս առաջին անգամ գործադրուած դրութիւն՝ Լաքի Վինկաս ընտրուեցաւ փոքրամասնութիւնները           պետութեան մօտ կամ ամենուրեք ներկայացնող անձ, ան ցուցաբերեց գովելի վերաբերում բոլոր համայնքներուն հանդէպ: Ան նախապէս, մօտ երկու տասնամեակ, աշխատանք տարած էր իր համայնքի՝ յունական համայնքին մօտ եւ փորձառութիւն ձեռք ձգած էր փոքրամասնական կարիքներու եւ հարցերու վերաբերեալ:
Իր արդիւնքներով յաջողուեցաւ ապահովել փոքրամասնական թերթերու նկատմամբ Թուրքիոյ պաշտօնական ծանուցումներու խորհուրդի ուշադրութիւնը, որ խոստացաւ ծանուցումներու բաժին տալ փոքրամասնական թերթերուն:
Լաքի Վինկաս պատմեց թէ ինք անձամբ մասնակից դարձած էր Վանի Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան: