Ուրբաթ ուշ երեկոյեան ահաբեկչական գործողութիւններու շարք մը հարուածեց Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի զանազան շրջանները:
Փարիզի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ նախնական տուեալներով` մայրաքաղաքի հիւսիսային շրջանի «Ֆրանսայի միջազգային մարզադաշտ»ին շրջա
կայքը արձակուած կրակոցներուն եւ պայթումներուն հետեւանքով անմեղ զոհերուն թիւը 132 եւ վիրաւորներու թիւը 352 եղած է: «Պաթաքլան» թատերասրահին մէջ պատանդ վերցուած է շուրջ 60 հոգի: Իսկ ոստիկանութիւնը թոյլ չէ տուած, որ մարզադաշտին մէջ գտնուող 60 հազար մարզասէրներ դուրս գան դաշտէն: Ֆութպոլի խաղը տեղի կ՛ունենար Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը գտնուէր մարզադաշտին մէջ: Աւելի ուշ, Ֆրանսայի նախագահը դուրս բերուած է մարզադաշտէն: Ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարեցին արտակարգ դրութիւն: Առաւօտեան մօտ յայտարարուեցաւ, որ ոստիկանութիւնը վերջ տուած է «Պաթաքլան» թատերասրահի գործողութեան եւ 8 ահաբեկիչներ մահացած են: Անոնցմէ 7ը իրենք զիրենք պայթեցուցած են:
Ի.Պ.ն ստանձնած է ահաբեկչութիւններուն պատասխանատուութիւնը
Իսլամական Պետութիւն» (ISIS) խմբաւորումը ստանձնած է Փարիզի մէջ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը: Տարածուած յայտարարութեան մէջ ահաբեկիչները կը նշեն, որ յարձակումները իրականացուցած են «ութ եղբայրներ»: Անոնք պայթուցիկ գօտիներ կրած են ու զինուած եղած են ինքնաձիգներով:
Խմբաւորումը այդ մասին յայտարարութիւն տարածած է Նոյեմբեր 14ին արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով, որ խմբաւորման հետեւորդներու կողմէ լայնօրէն կը շրջանառուի համացանցի մէջ, սակայն դեռ հնարաւոր չէ եղած ստուգել յայտարարութեան իսկութիւնը, թէեւ անիկա կը կրէ Ի.Պ.ի լոկոն եւ նման է նախապէս «Իսլամական Պետութեան» ըրած յայտարարութիւններուն:
Իսլամականենրը նաեւ յայտարարած են, որ յարձակումները «մարգարէին վիրաւորելու եւ իսլամական պետութեան տարածքը ռմբահարելու պատասխանն է»:
Աւելի առաջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ահաբեկչական յարձակման համար մեղադրած էր նոյն Իսլամական Պետութիւնը եւ նշած, որ անգութ պիտի ըլլան անոնց նկատմամբ: