Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յանձնարարած է ստորագրել Հայաստանի հետ Կովկասի մէջ միացեալ տարածաշրջանային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ (Հ.Օ.Պ.) ստեղծելու մասին համաձայնագիրը,- կը հաղորդէ Tert.am՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
«Ընդունել Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ հաւաքական անվտանգութեան համար տարածաշրջանային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ստեղծելու վերաբերեալ համաձայնագրի ստորագրման մասին Ռ.Դ. կառավարութեան առաջարկը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նախապէս Ռուսիոյ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր Հայաստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան տարածաշրջանային միացեալ համակարգի ստեղծման մասին համաձայնագիրին: Օրերս հաղորդուած է նաեւ, որ Մոսկուա եւ Թեհրան ստորագրած են С-300 Հ.Օ.Պ. համակարգերու մատակարարման վերաբերեալ համաձայնագիրը: