Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ ­Սերժ ­Թան­կեա­նի կի­թա­ռը, որ ան նո­ւա­գած է System of a Downի «Արթն­ցու­ցէք հո­գի­նե­րը» (Wake Up the Souls) շրջա­գա­յու­թեան ըն­թաց­քին, ա­ճուր­դով վա­ճա­ռո­ւած է 27 հա­զար տո­լա­րով:
Այս մա­սին եր­գի­չը գրած է Facebookի իր է­ջին մէջ: «Ապ­շե­ցու­ցիչ լուր. «Արթն­ցու­ցէք հո­գի­նե­րը»ը շրջա­գա­յու­թեան ըն­թաց­քին օգ­տա­գոր­ծած կի­թառս, որ ստո­րագ­րո­ւած է խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ վա­ճա­ռո­ւե­ցաւ 27 հա­զար տո­լա­րով օ­ժան­դա­կե­լու «Օր­րան»ի փոք­րիկ­նե­րուն»:
Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կա­յա­ցած «Օր­րան» բա­րե­գոր­ծա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դրա­մա­հա­ւաք-ճաշ­կե­րոյ­թի ժա­մա­նակ կազ­մա­կեր­պո­ւած ա­ճուր­դին վա­ճա­ռո­ւած կի­թա­ռի ամ­բողջ գու­մա­րը պի­տի փո­խան­ցո­ւի վա­նա­ձո­րաբ­նակ կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն:
System of a Down ռոք խում­բը կ­՛օգ­նէ կա­րի­քա­ւոր ե­րե­խա­նե­րուն եւ տա­րեց­նե­րուն ­Վա­նա­ձո­րի մէջ: