Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կի­րա­կի՝ 8 Նո­յեմ­բեր 2015ին, Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Վե­հա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, յա­տուկ հան­դի­սու­թեան մը ըն­թաց­քին, Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը «Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց»ի շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց մտա­ւո­րա­կան փրոֆ. դոկտ. Սե­դա Տա­տո­յեա­նը:

Հան­դի­սու­թեան բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի Դի­ւա­նա­պետ տիար Խա­չիկ Տէ­տէեան, որ ներ­կա­յա­ցուց պար­գե­ւատ­րեա­լին մտա­ւո­րա­կան ար­գա­սի­քը եւ կրթա­կան վաս­տա­կը: Դոկտ. Տա­տո­յեան տի­րա­ցած է Փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ Գի­տու­թիւն­նե­րու Դոկ­տո­րի աս­տի­ճա­նին՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լով հայ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ: Ան 1981-1986 դա­սա­խօ­սած է Հայ­կա­զեան եւ LAU հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ, 1986-2005՝ Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, 2002ին եւ 2006ին իբ­րեւ դա­սա­խօս հրա­ւի­րո­ւած է Նիւ Եոր­քի Գո­լոմ­պիա Հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լեան Գի­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին կող­մէ, 2007-2010 դա­սա­խօ­սած է Սուրբ Ներ­սէս Ըն­ծա­յա­րա­նին մէջ: 2010ին Շի­քա­կո­յի Հա­մալ­սա­րա­նէն ներս դա­սա­խօ­սած է Հայ-Իս­լա­մա­կան փոխ-յա­րա­բե­րու­թեանց նիւ­թին շուրջ եւ 2011ին դա­սա­խօս ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի ե­րեք տար­բեր բա­ժան­մունք­նե­րէն ներս: Հայ թէ օ­տար գիտ­նա­կան­նե­րու հաս­տա­տու­մով՝ դոկտ. Տա­տո­յեա­նի «­Ֆա­թի­միա­կան Հա­յե­րը» եւ ե­ռա­հա­տոր «­Հա­յե­րը Միջ­նա­դա­րու Իս­լա­մա­կան Աշ­խար­հին Մէջ» գոր­ծե­րը կը նկա­տո­ւին ամ­բող­ջո­վին նոր վեր­լու­ծում­ներ, ո­րոնք Մի­ջին Ա­րե­ւե­լեան մի­ջա­վայ­րին մէջ կը վեր­բե­րեն հա­յոց պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու դե­րը: Դոկտ. Տա­տո­յեան հե­ղի­նակ է տա­սէ ա­ւե­լի հա­տոր­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ ու­սում­նա­սի­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րու: