Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ գտնո­ւող Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան, ­Ռու­սիոյ հիւ­սի­սա­յին մայ­րա­քա­ղա­քի նա­հան­գա­պետ ­Կէոր­կի ­Փոլ­թաւ­չեն­քո­յի հետ, մաս­նակ­ցած է հայ ազ­գա­յին դա­սա­կան ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցի հիմ­նա­դիր, մեծ եր­գա­հան ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տի յու­շար­ձա­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­ րա­րո­ղու­թեան:

­Ներ­կայ գտնո­ւած են նաեւ ­Ռու­սիոյ մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան Օ­լեկ Ե­սա­յեան, Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Հ­րայր ­Կա­րա­պե­տեան եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան ղե­կա­վար Ար­մե­նակ ­Կա­րա­պե­տեան, տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բազ­մա­թիւ փե­թերս­պուրկ­ցի­ներ:

Իր խօս­քին մէջ ­Կէոր­կի ­Փոլ­թաւ­չեն­քոն կա­րե­ւոր նկա­տած է հայ¬ռու­սա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը` դի­տել տա­լով, որ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ յու­շար­ձա­նի կանգ­նե­ցու­մը եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­խախտ բա­րե­կա­մու­թեան վկա­յու­թիւնն է` յատ­կա­պէս նկա­տի առ­նե­լով այն հան­գա­ման­քը, թէ հա­յե­րուն հա­մար ի՛նչ դեր ու ար­ժէք ու­նի ­Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տը: «­Զու­գա­դի­պու­թիւն չէ, որ ­Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի յու­շար­ձա­նը կը կանգ­նե­ցո­ւի ­Վա­սի­լէոսթ­րովս­քի վար­չա­կան շրջա­նին մէջ, ար­դա­րեւ, այս շրջա­նին մէջ է, որ ի սկզբա­նէ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած ու այ­սօր ալ կ­՛ապ­րին մեծ թի­ւով հա­յեր: Մ­շա­կու­թա­յին կեդ­րոն նկա­տո­ւող Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գա­հա­նի յու­շար­ձա­նին տե­ղադ­րու­մը նաեւ օ­րի­նա­չափ է: ­Կո­մի­տա­սը հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րեղ զա­ւակն է, անձ մը, որ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րուն մէջ քա­րո­զած եւ փառ­քով պսա­կած է հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Ա­նոր մշա­կոյ­թը գե­րած էր աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ ե­րա­ժիշտ­ներ»,- հաս­տա­տած է նա­հան­գա­պե­տը:

Ող­ջոյ­նի իր խօս­քին մէջ, ­Ռու­սիոյ մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան Օ­լեկ Ե­սա­յեան իր կար­գին նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի կա­ռա­վա­րու­թեան` մեծն ­Կո­մի­տա­սի յու­շար­ձա­նի կանգ­նեց­ման առն­չու­թեամբ ցու­ցա­բե­րած մեծ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար՝ նկա­տել տա­լով, որ ա­նի­կա ի­րօք եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն բա­րե­կա­մու­թեան լա­ւա­գոյն խորհր­դա­նիշն է: Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կած է նաեւ Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ ­Տիգ­րան ­Բար­սե­ղեան: Ա­պա Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեանն ու նա­հան­գա­պետ ­Կէոր­կի ­Փոլ­թաւ­չեն­քոն` աշ­խար­հահռ­չակ տու­տու­կա­հար ­Ջի­ւան ­Գաս­պա­րեա­նի կեն­դա­նի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ, կա­տա­րած են յու­շար­ձա­նի բա­ցու­մը:

Այ­նու­հե­տեւ ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան եւ ­Ռուս Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կա­տա­րած են ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տի յու­շար­ձա­նի օրհ­նու­թեան կարգ, որ­մէ ետք ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղո­ւած են ա­նոր առ­ջեւ: ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տի 3,3 մեթր բարձ­րու­թեամբ եւ 1,7 մեթր պա­տո­ւան­դա­նով կրա­նի­թէ յու­շար­ձա­նին հե­ղի­նա­կը ­Ռու­սիոյ նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան ան­դամ, Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան-ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ա­կա­դե­միա­յի վա­րիչ ­Լե­ւոն ­Բէյ­բու­թեանն է, ճար­տա­րա­պե­տը` ­Մաք­սիմ Ա­թա­յեանց: