Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նո­յեմ­բեր 2ին, Ի­տա­լիոյ Ա­սի­զի քա­ղա­քի ­Սուրբ Ֆ­րան­չիս­կոս քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան ­Պա­զի­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին տիե­զե­րա­կան պա­տա­րագ` ե­կե­ղեց­ւոյ գլխա­ւոր Աբ­բա­հայր ­Մաու­րօ ­Կամ­պետ­տիի գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ ­Հայր ­Կո­լիէլ­մօ Ս­պի­րի­թո­յի ու Ի­տա­լիոյ ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Թով­մա ­Վար­դա­պետ ­Խա­չատ­րեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ: Այս մա­սին կը յայտ­նէ ­Հա­յաս­տա­նի Ա.Գ.Ն. մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը:

­Պա­տա­րա­գի քա­րո­զին մէջ ­Հայր ­Կո­լիել­մօ Ս­պի­րի­տոն խօ­սե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման խոր­հուր­դին մա­սին, իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու սրբա­դաս­ման եւ մէջ­բե­րում­ներ ը­րաւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն:

­Պա­տա­րա­գէն ետք կա­յա­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին Ի­տա­լաբ­նակ հայ բա­րե­րար Ար­թուր ­Յա­կո­բեա­նի նո­ւի­րա­բե­րած ­Խաչ­քա­րի օծ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: ­Խաչ­քա­րը տե­ղադ­րո­ւած է ­Սուրբ Ֆ­րան­չիս­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ ան­մի­ջա­պէս մուտ­քին մօտ:

­Խաչ­քա­րի օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն յե­տոյ դես­պան ­Սար­գիս ­Ղա­զա­րեան ե­րախ­տի­քի խօսք ուղ­ղեց Ֆ­րան­չիս­կեան միա­բա­նու­թեան` հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ դրսե­ւո­րած հա­մե­րաշ­խու­թեան հա­մար` նկա­տե­լով, որ Ի­տա­լիոյ մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան, ­Սուրբ Ֆ­րան­չիս­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Ի­տա­լիոյ ­Հա­յե­րու ­Միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ այս տա­րո­ւան ­Մար­տէն սկսեալ, ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քին մէջ, բա­ցո­ւած է եւ կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել ­Կա­րէն ­Կոք­չեա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ու վա­նա­կան հա­մա­լիր­նե­րու, մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու եւ բնա­պատ­կեր­նե­րու «­Հա­յե­րը եւ ­Հա­յաս­տա­նը» խո­րա­գի­րով լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ար­դէն 2 մի­լիոն այ­ցե­լու ու­նե­ցած է: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ Ար­թուր ­Յա­կո­բեա­նին եւ Ի­տա­լիոյ ­Հա­յե­րու ­Միու­թեան` դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մշտա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:

­Դես­պա­նը նկա­տեց, որ ան­ցեա­լի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու յի­շո­ղու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան հար­ցով ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, լռու­թիւ­նը եւ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան դէմ նոր ո­ճիր­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նան: Այդ ծի­րէն ներս ան անդ­րա­դար­ձաւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» կող­մէ քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն:

­Դես­պան ­Սար­գիս ­Ղա­զա­րեան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գել­ման նպա­տա­կով մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ երկ­կողմ եւ բազ­մա­կողմ ձե­ւա­չա­փե­րով կա­տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը:

­Տիե­զե­րա­կան պա­տա­րա­գին եւ ­Խաչ­քա­րի օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Ա­սի­զիի քա­ղա­քա­պետ Ք­լաու­տիօ ­Ռի­չին, ի­տա­լա­կան եւ եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րան­նե­րու ան­դամ­ներ, քա­ղա­քի հո­գե­ւոր, հա­սա­րա­կա­կան ու քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու, հայ հա­մայն­քի եւ զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

­Տե­ղե­կանք. Ա­սի­զիի ­Սուրբ Ֆ­րան­չիս­կոս ե­կե­ղե­ցին Ի­տա­լիոյ եւ կա­թո­լիկ աշ­խար­հի կա­րե­ւո­րա­գոյն սրբա­վայ­րե­րէն մէկն է, ուր օ­րա­կան բազ­մա­հա­զար ուխ­տա­ւոր­ներ ու զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կ’այ­ցե­լեն, եւ ե­կե­ղե­ցին տա­րե­կան շուրջ 15 մի­լիոն այ­ցե­լու կ’ու­նե­նայ: Ան Ի­տա­լիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի կա­թո­լիկ պա­հա­պան ­Սուրբ Ֆ­րան­չիս­կո­սի պաշ­տա­մուն­քի հիմ­նա­կան ուխ­տա­վայրն է, եւ հո՛ս սկիզբ կ’առ­նէ ­Մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան տա­րե­կան եր­թը: