Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altԹիֆ­լի­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Վի­րա­հա­յոց ­Թե­մի ­Սուրբ ­Գէորգ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ տա­ճա­րի վե­րաօ­ծումն ու վե­րա­բա­ցու­մը: Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­ներ, Վ­րաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ ­Պի­ձի­նա Ի­վա­նիշ­

վի­լի, ծրագ­րի բա­րե­րար­նե­րը, հիւ­րեր եւ թե­մի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ,- կը հա­ղոր­դէ «­Մե­տիա­մաքս»:

­Վե­րաօծ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ձե­ռամբ:

­Վի­րա­հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ­Սուրբ ­Գէորգ տա­ճա­րի (XIII դար) վե­րա­կանգն­ման ծրա­գի­րը մեկ­նար­կած էր 2012 թո­ւա­կա­նին` դառ­նա­լով «­Հա­յաս­տա­նի ­Զար­գաց­ման ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ« (IDeA) հիմ­նադ­րա­մի կա­րե­ւոր ծրա­գիր­նե­րէն մէ­կը եւ ստա­նա­լով Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թիւնն ու Վ­րաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը:

­Տա­ճա­րին վե­րա­կա­ռուց­ման հա­մար նո­ւի­րա­տուութիւն­նե­րու հայ­թայթ­ման, ֆի­նան­սա­կան հոս­քե­րու կա­ռա­վար­ման, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ որմնանկար­նե­րու վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան նպա­տա­կով՝ նոյն թո­ւա­կա­նին ստեղ­ծո­ւած էր «­Սուրբ ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կա­ռուց­ման հիմ­նադրամ»ը:

­Վե­րա­կանգն­ման ծրագ­րի ընդ­հա­նուր ար­ժէ­քը կը կազ­մէ 3,5 մի­լիոն տո­լար: Ծ­րագ­րի հիմ­նա­կան նո­ւի­րա­տու­ներն են Ալ­պերթ Աւ­դո­լեան, ­Սեր­կէյ ­Սար­կի­սով ու ­Ռու­սու­դան ­Մա­խաշ­վի­լի, ­Դա­նիէլ ­Խա­չա­տու­րով, ­Վար­դա­նեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը, ինչ­պէս նաեւ ­Պի­ձի­նա Ի­վա­նիշ­վի­լի:

«­Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րում հայ ե­կե­ղե­ցին, յատ­կա­պէս հայ­րե­նի­քից դուրս ապ­րող հա­յու­թեան հա­մար, ե­ղել է կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին ու լու­սա­ւոր­չա­կան կենտ­րոն: ­Հա­մո­զո­ւած ենք, որ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ տա­ճա­րի վե­րա­կանգ­նու­մը թոյլ կը տայ Վ­րաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քին ա­ւե­լի լիար­ժէք հո­գե­ւոր կեան­քով ապ­րե­լու: Շ­նոր­հա­կալ ենք դո­նոր­նե­րին (նո­ւի­րա­տու­ներ), ով­քեր ա­ջակ­ցե­ցին վե­րա­կանգ­նե­լու վի­րա­հա­յու­թեան ու Թ­բի­լի­սի քա­ղա­քի հա­մար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող այս մշա­կու­թա­յին կո­թո­ղը: ­Սուրբ ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցու վե­րա­կա­ռուց­մամբ ա­ւար­տո­ւեց «տա­ճա­րա­յին ­Հա­մա­լիր» ծրագ­րի ա­ռա­ջին փու­լը: ­Մենք մտա­դիր ենք շա­րու­նա­կե­լու այն եւ տա­ճա­րին կից մշա­կու­թա­յին-լու­սա­ւոր­չա­կան կենտ­րոն ստեղ­ծե­լու»,- նշած է IDeA հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիր ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեան:

«­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ­Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին հա­մայն հա­յու­թեան ­Մայր Ե­կե­ղե­ցին է, ո­րով­հե­տեւ հա­զար 700 տա­րի­ներ ի վեր այն հո­գե­ւոր սնունդ է տո­ւել իր զա­ւակ­նե­րին, մայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեամբ իր շուրջն է խմբել աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեա­նը: ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին պա­հել ու պահ­պա­նում է գրոց բար­բա­ռը, հա­զա­րա­մեակ­նե­րի խոր­քից ե­կող հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ ա­րո­ւես­տի ճիւ­ղե­րը: ­Վե­րա­բա­ցո­ւող ­Սուրբ ­Գէոոր­գը հէնց այս­պի­սի ա­ռա­քե­լու­թիւն է ու­նե­ցել հիմ­նադր­ման օ­րից ի վեր: Եւ այ­սօր էլ բա­րե­գործ ազ­նիւ նո­ւի­րա­տու­ներ ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեա­նի ու նրա ըն­կեր­նե­րի նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րով հիմ­նա­նո­րո­գու­մից յե­տոյ տա­ճարն իր բարձ­րար­ժէք որմ­նան­կար­նե­րով ու հո­գե­ւոր ար­ժէ­քով դառ­նում է ինչ­պէս հայ հա­մայն­քի, այն­պէս էլ Թ­բի­լի­սիի սրտի վրայ յառ­նած մար­գա­րիտ, ո­րը հարս­տաց­նում է բազ­մազգ ու բազ­մակ­րօն քա­ղա­քը»,- ը­սած է ­Վի­րա­հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Վազ­գէն Ե­պիս­կո­պոս ­Միր­զա­խա­նեան:

Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ներգ­րա­ւո­ւած են ինչ­պէս հայ, այն­պէս ալ վրա­ցի մաս­նա­գէտ­ներ ճար­տա­րա­պետ-վե­րա­կանգ­նող Ա­նա­թո­լի ­Սո­լոմ­նիշ­վի­լի (ան նաեւ ­Հաւ­լա­բա­րի XVIIIդ. ­Սուրբ Էջ­միա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգն­ման նա­խա­գի­ծե­րու հե­ղի­նակն է), վե­րա­կանգ­նող-շի­նա­րար ­Զու­րաբ ­Գա­չե­չի­լա­ձէ, Հ.Հ. Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ւագ վե­րա­կանգ­նող, ­Կո­թո­ղա­յին ­Գե­ղան­կար­չու­թեան վե­րա­կանգն­ման գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Ար­ժա­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան, Վ­րաս­տա­նի ճար­տա­րա­գի­տա­կան ա­կա­դե­միա­յի ­Տեխ­նի­կա­կան ­Փոր­ձաքննու­թեան բաժ­նի վա­րիչ Օ­թար ­Չա­կո­ւե­տա­ձէ, ինչ­պէս նաեւ՝ մաս­նա­գէտ­ներ ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նէն, ­Մա­տե­նա­դա­րա­նէն:

Ե­րեք տա­րի տե­ւած վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին մեծ ու­շադ­րու­թիւն դար­ձո­ւած է ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­րաց­ման, քա­նի որ ստոր­գետ­նեայ ջու­րե­րը մեծ վտանգ կը ներ­կա­յաց­նէին ե­կե­ղե­ցիին հա­մար, կ­՛ո­ղո­ղէին տա­ճա­րի հիմ­քը, կը քայ­քա­յէին պա­տե­րուն ա­ղիւ­սէ շա­րո­ւած­քը:

Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դար­ձո­ւած է ­Սուրբ ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ   որմ­նան­կար­նե­րու եւ սրբան­կար­նե­րու վե­րա­կանգն­ման: ­Տա­ճա­րի մուտ­քի եւ խո­րա­նի կող­քի պա­տե­րը, կա­մա­րա­յին որմ­նա­խոր­շե­րը եւ սիւ­նե­րը զար­դա­րո­ւած են ­Հով­նա­թա­նեան­նե­րու, ­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի եւ ան­յայտ վար­պետ­նե­րու գե­ղանկար­չու­թեան նմոյշ­նե­րով: Որմ­նան­կար­ներն ու սրբանկար­նե­րը վե­րա­կանգ­նո­ւած են ­Կո­թո­ղա­յին ­Գե­ղան­կար­չու­թեան վե­րա­կանգն­ման գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րու կող­մէ` Ար­ժա­նիկ ­Յով­հան­նի­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ ի­տա­լա­ցի մաս­նա­գէտ, Ֆ­լո­րեն­ցիա­յի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման եւ վե­րա­կանգն­ման կեդ­րո­նի ղե­կա­վար ­Ֆապ­րի­ցիօ Եա­կո­պի­նի խորհր­դա­տո­ւա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ: ­Սուրբ ­Գէորգ տա­ճա­րը (կամ ­Բեր­դի ­Մեծ ե­կե­ղե­ցին) ­Թիֆ­լի­սի հնա­գոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն է, կա­ռու­ցուած է 13րդ ­դա­րուն, ե­ղած է հայ­կա­կան միջ­նա­դա­րեան հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին եւ լու­սա­ւոր­չա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը: 14-15 դա­րե­րուն Ե­կե­ղեց­ւոյ Գ­րա­տան կող­մէ բազ­մա­թիւ ձե­ռա­գիր­ներ ստեղ­ծո­ւած են, ո­րոնք կը պա­հո­ւին ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ:

­Սուրբ ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը ամ­փո­փո­ւած են հայ մե­ծե­րու` ա­շուղ ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի, գե­ղան­կա­րիչ ­Գէորգ ­Բա­շին­ջա­ղեա­նի, նշա­նա­ւոր զօ­րա­վար­ներ ­Մի­քա­յէլ ­Լո­րիս-Մե­լի­քո­վի, Ար­զաս ­Տէր-Ղու­կա­սո­վի, Ի­ւան ­Լա­զա­րեա­նի եւ ­Բո­րիս ­Շել­կով­նի­կո­վի ա­ճիւն­նե­րը: