Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Շաբաթ՝ 24 Հոկտեմբեր 2015ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի Կիւլպէնկեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու ճանաչում եւ կանխարգիլում» թեմայով երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակից դարձան հայկական եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները:
Համագումարին բացումը կատարեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կարեւորութեան վրայ։ Արամ Ա. յիշեցուց, թէ 100ամեակի իմաստն ու նպատակը երեք բառերու մէջ խտացուած են՝ Յիշել, Յիշեցնել ու Պահանջել։ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց իւրաքանչիւր բառին իմաստը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման ծիրէն ներս։ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը կրօնական նկարագիր չունի. ան պատմական իրողութիւն է եւ հետեւաբար Թուրքիա չի կրնար զայն ուրանալ։ Նոր ցեղասպանութիւններուն կանխարգիլումը կ’ենթադրէ անցեալի ցեղասպանութիւններու դատապարտում»,¬ ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք, առաջին նիստին՝ «Կրօնքին դերակատարութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլման մէջ» նիւթին մասին զեկուցեց Վերպ. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան՝ ներկայացնելով քրիստոնէական մօտեցումը: Ան անդրադարձաւ քրիստոնէութեան խաղաղութեան վրայ հաստատուած ըլլալուն, խաղաղութիւն մը, որ կ’արտացոլայ ամէնօրեայ կեանքին մէջ, թէ՛ ներքին հոգեմտաւոր աշխարհին ու թէ՛ արտաքին ամէնօրեայ հեւքին մէջ: Խօսելով ցեղասպանութեան կանխարգիլման մասին՝ ան նշեց, որ քրիստոնէութիւնը չի կրնար դիտորդի կեցուածք որդեգրել, որովհետեւ Աստուած հարստահարուածներուն կողքին է եւ, հետեւաբար, քրիստոնէութիւնը ուրիշ կեցուածք չի կրնար ունենալ:
Առաջին նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր Դոկտ. Մուհամմէտ Սամմաք, որ անդրադարձաւ նոյն նիւթին, սակայն ներկայացուց իսլամական մօտեցումը: Զեկոյցին սկիզբը ան ընդգծեց, թէ իսլամական կրօնքը չէ, որ մղեց թուրքերը ցեղասպանութիւն գործելու, որովհետեւ կրօնքը չի կրնար ոճրագործութիւն կատարել՝ կրօնքը դէմ է ոճրագործութեան: Ապա ան պատմական օրինակներ տուաւ՝ ցոյց տալով իսլամ կրօնքին հանդուրժողական կեցուածքը: Համագումարը շարունակուեցաւ յաջորդական երեք նիստերով։