Յակոբ Սրկ. Պարսումեան «Գանձասար»ին տեղեկութիւններ փոխանցած է Սուրիոյ Ճէզիրէի հայութեան մասին. Գամիշլիի մէջ, թէեւ տագնապի հետեւանքով գաղթող ընտանիքներ եղած են, սակայն ներկայ տուեալներով այնտեղ կ’ապրի շուրջ 550 հայ ընտանիք: Շրջանի ազգային կառոյցները կանգուն են եւ կը շարունակեն գոր ծել: Կը գործէ շրջանի եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Ազգ. Եփրատ վարժարանը իր մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններով: Ապահովական առումով, Գամիշլիէն ներս, թէեւ մերթ ընդ մերթ պայթումներ տեղի կ’ունենան, սակայն իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է: Հասիչէի մէջ կ’ապրին 60-70 ընտանիքներ, որոնք ապահովական եւ տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Տէրիքի Ազգ. վարժարանը կը գործէ, դասաւանդութիւնները կը շարունակուին: Րաքքայի մէջ կ’ապրի քանի մը հայ ընտանիք միայն: Անոնք ապահովական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն: Ռաս ուլ Այնի մէջ եւս կ’ապրի քանի մը հայ ընտանիք: Շրջանի եկեղեցին կանգուն է: