Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­­Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­գի­րը առ­կախ մնա­ցած էր սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին ա­ռա­ջին օ­րէն ի վեր։ Անց­նող ա­միս, երբ թրքա­կան օ­դու­ժը սկսած էր գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րել Ի­րա­քի եւ ­­Սու­րիոյ մէջ, խօս­քեր տա­րա­ծո­ւած էին, որ Ան­գա­րա-Ա.Մ.Ն. հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­ցած է, չա­ փա­ւոր օ­դա­յին ա­պա­հով տա­րածք ստեղ­ծել ­­Հա­լէ­պի հիւ­սի­սէն մին­չեւ թրքա­կան սահ­մա­նը եր­կա­րող ­­Ճա­րապ­լու­սի տա­րած­քին վրայ, սա­կայն այս ծրա­գի­րը տա­կա­ւին գոր­ծի չդրո­ւած ան­հե­թեթ դար­ձած էր ռու­սա­կան օ­դու­ժի մի­ջամ­տու­թե­նէն ետք։

­­Հա­լէ­պը էր եւ տա­կա­ւին կը մնայ սու­րիա­կան ընդ­դի­մու­թեան հա­մար ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր կռո­ւան­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն կէ­սէն ա­ւե­լին գրա­ւե­լով, մեծ տնտե­սա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան շա­հեր կա­րե­լի ե­ղած էր ա­պա­հո­վել։ Ան­ցեալ Ուր­բաթ օր, ռու­սա­կան օ­դու­ժի եւ ի­րա­նա­կան բա­նա­կի ա­ջակ­ցու­թեամբ, ­սու­րիա­կան բա­նա­կը մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ սկսած է ար­ձա­նագ­րել ­­Հա­լէ­պի տա­րած­քին։ ­­Մէկ կող­մէ թի­րախ առ­նե­լով կտրել ­­Հա­լէպ-Իտ­լէպ մա­տա­կա­րար­ման գի­ծը, միւս կող­մէ բա­նա­կը կը փոր­ձէ հապ­ճեպ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րել քա­ղա­քի տա­րած­քին։

Ըստ լի­բա­նա­նեան ­­Մա­յա­տին հե­ռա­տե­սի­լին, ­­Հա­լէ­պի հա­րա­ւը աշ­խոյժ ե­ղող չե­չէն եւ թուրք­մէն միա­ւոր­ներ սկսած են լքել ի­րենց դիր­քե­րը, այս լու­րը թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ ալ ար­տա­ցո­լած է, նշե­լով որ սու­րիա­կան բա­նա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րած տա­րածք­նե­րէն նոր գաղ­թա­կան­նե­րու ա­լիք­ներ կրնան հաս­նիլ ­­Թուր­քիա։ ­­Բան մը, որ չի բա­ցա­ռո­ւիր, մա­նա­ւանդ նկա­տի առ­նե­լով սու­րիա­կան բա­նա­կի մար­տա­վա­րու­թիւ­նը, ամ­բող­ջո­վին պար­պե­լու­­ այն տա­րածք­նե­րը, ուր հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կայ, որ հա­կա­ռա­կորդ­ներ թաք­նո­ւին։ ­­Միւս կող­մէ, զա­նա­զան հայ­կա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ կը փո­խան­ցեն հա­լէ­պա­հա­յե­րուն յոյ­սե­րը, թէ պա­տե­րազ­մը կը մօ­տե­նայ իր ա­ւար­տին։ ­­Ռու­սա­կան օ­դու­ժի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հետ միա­սին վեր­ջին օ­րե­րու դէպ­քե­րը նոյ­նիսկ կարգ մը ­­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած հա­լէ­պա­հա­յե­րու ա­ռիթ տո­ւած են մտա­ծե­լու­ վե­րա­դառ­նալ ի­րենց քա­ղա­քը։ Ան­դին, ու­րիշ­ներ կը պնդեն, թէ ռու­սա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջին հա­կա­հա­րո­ւա­ծը պի­տի ստա­նան հա­յե­րը ­­Հա­լէ­պի մէջ։ ­­Պէտք է նշել, որ ան­ցեալ ­­Շա­բաթ օր, գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսե­լուն յա­ջորդ օ­րը, հա­յա­շատ թա­ղե­րու վրայ ին­կած են ռում­բեր, եւ ո­րուն զոհ գա­ցած են հայ ըն­տա­նի­քի մը եր­կու ան­դամ­ներ, մայր ու զա­ւակ։ ­­Սա­կայն ընդ­հա­նուր առ­մամբ, հա­լէ­պա­հա­յե­րու գաղ­թի նոր ա­լիք մը չ’ա­կըն­կա­լո­ւիր, մա­նա­ւանդ նկա­տի առ­նե­լով, որ ­­Հա­լէ­պէն գաղ­թող­նե­րը պի­տի ըլ­լան ա­րո­ւար­ձան­նե­րու եւ ոչ թէ քա­ղա­քա­մի­ջի բնա­կիչ­ներ։