Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­լէ­պա­հա­յե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ դրա­կան կը նկա­տեն Սու­րիոյ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ռու­սա­կան օ­դու­ժին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: Հա­լէ­պա­հայ «­Գան­ձա­սար» թեր­թի խմբա­գիր Զար­միկ Պո­ղի­կեան «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նած է, որ թէեւ հա­լէ­պա­ հա­յե­րը քա­ղա­քա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն չեն կա­տա­րած, սա­կայն յոյս ու­նին, որ գո­նէ այս մի­ջամ­տու­թիւ­նը կրնայ վեր­ջա­կէտ դնել սու­րիա­կան քա­ռա­մեայ պա­տե­րազ­մին: «Դ­րա­կան կը մօ­տե­նանք այն բո­լոր քայ­լե­րուն, ո­րոնք սու­րիա­կան պե­տու­թեան տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը կը պահ­պա­նեն: Մե­զի հա­մար հիմ­նա­կա­նը այս տագ­նա­պին ա­ւարտն ու ա­հա­բեկ­չա­կան այս շարժ­ման վերջ գտնելն է: Գա­ղու­թը, իբ­րեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, նո­ւա­զա­գոյն վնաս­նե­րով դուրս գա­լու մա­սին կը մտա­ծէ հիմ­նա­կա­նօ­րէն, կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ պահ­պա­նո­ւե­լու հա­մար»,- յայտ­նած է Պո­ղի­կեան:

Հա­լէ­պաբ­նակ հա­յե­րուն հա­մա­ձայն, վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րը նո­ւա­զած են, եւ քա­ղա­քի մար­դա­շատ թա­ղա­մա­սե­րը ա­ւե­լի նո­ւազ թի­րախ կ­՛ըլ­լան ռմբա­կո­ծու­մի: «Երբ տար­բեր ըն­տա­նիք­ներ միաս­նա­բար կը հա­մախմ­բո­ւինք կամ երբ պատ­կե­րաս­փիւ­ռէն լու­րե­րուն կը հե­տե­ւինք, կը յու­սադ­րո­ւինք, որ կար­ծես թէ ա­ւե­լի լաւ է: Ռու­սա­կան զօր­քե­րը Հա­լէպ չմտան, բայց կը գրեն, որ այս մէկ-եր­կու օ­րը պի­տի հա­րո­ւա­ծեն»,- յայտ­նած է Մայ­տա Պագ­գա­լեան, «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ ու­նե­ցած հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին:

Ե­րե­ւա­նեան Վեր­նի­սա­ժի մէջ աշ­խա­տող սու­րիա­հա­յե­րու քննար­կում­նե­րուն հիմ­նա­կան նիւ­թը նոյն­պէս Հա­լէ­պի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն են: Հ­նա­վա­ճառ Վազ­գէն Տէր-­Դա­ւի­թեան իր բո­լոր ու­նե­ցա­ծը ձգե­լով, իր իսկ ը­սե­լով՝ մէկ շա­պի­կով Հա­յաս­տան ե­կած է, երբ Հա­լէ­պի իր տու­նը քա­նի մը ան­գամ ռմբա­կո­ծո­ւած է:

«­Մեր տան ե­տին ա­հա­բեկ­չա­կան զի­նեալ­ներ կա­յին, ճիշդ մեր տան ե­տե­ւը` մէկ թաղ միւս կողմ: Չորս ան­գամ տու­նը նո­րո­գած եմ»,- հաս­տա­տած է ան:

Ան ներ­կա­յիս իր ծննդա­վայ­րին մա­սին հիմ­նա­կա­նօ­րէն տե­ղե­կու­թիւն կը ստա­նայ իր եղ­բայր­նե­րէն: Վազ­գէն Տէր-­Դա­ւի­թեան վստահ չէ, որ Ռու­սիոյ մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­րե­լի է սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին վերջ դնել: «­Ռու­սա­կան զօր­քե­րը կը յա­ռաջ­դի­մեն, սու­րիա­կան բա­նա­կը եւս, բայց տա­կա­ւին չենք գի­տեր, թէ ար­դիւն­քը ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ. կրնայ նաեւ ա­ւե­լի վատ ըլ­լալ, ու Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը ծայր առ­նէ, չենք գի­տեր տա­կա­ւին»,- յայտ­նած է Տէր-­Դա­ւի­թեան:

Հ­նա­վա­ճա­ռը նշած է, որ թէեւ ո­րոշ ե­կե­ղե­ցի­ներ ու վար­ժա­րան­ներ տա­կա­ւին կան­գուն են, սա­կայն հայ­կա­կան գա­ղութ կո­չո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը «չկայ այ­լեւս»:

Ա­նոր կից աշ­խա­տող գոր­գա­վա­ճառ Նա­զա­րէթ Ա­լո­յեան, որ Հա­լէ­պի մէջ տունն ու խա­նութ­նե­րը կորսն­ցու­ցած է, հա­մա­կար­ծիք է` դրա­ցի­նե­րը չեն ու­զեր Սու­րիա վե­րա­դառ­նալ, ո­րո­շած են Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւիլ եւ քան­դո­ւած տու­նե­րուն փո­խա­րէն հոս նոր տուն կա­ռու­ցել: «Այս շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին տուն պի­տի ստանձ­նեմ: Յու­նո­ւա­րին` Ս. Ծ­նուն­դին պի­տի եր­թամ Հա­լէպ, ինչ որ կա­րե­նամ այն­տեղ ծա­խել, պի­տի վա­ճա­ռեմ, նաեւ ինք­նա­շարժս եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս պի­տի հաս­տա­տո­ւիմ հոս»,- յայտ­նած է Ա­լո­յեան: