«ԱԼԻՔ»- Ճիշդ ու արագ լրատուութիւնն ու հաղորդակցութիւնը եւ հրամցուողին ճշգրիտ ձեւով ուղղորդելը տեխնոլոգիայով գերյագեցած դարաշրջանը այն գերխնդիրներէն է, որ ծառացած է զանգուածային լրատուամիջոցներու, ի մասնաւորի՝ տպագիր մամուլի դիմաց: Ատիկա գերխնդիր է ոչ միայն միջազգային մասշտաբի մէջ, այլ նաեւ հայ իրականութեան համար, ըլլայ ատիկա Հայաստան թէ՝ Սփիւռք:
Այս անհրաժեշտութենէն ելլելով՝ «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակը մեծարող յանձնախումբին մօտ միտք յղացաւ իր ձեռնարկներու շարանին մէջ կազմակերպել կլոր սեղան, որը տեղի ունեցաւ Հայ ակումբի սրահին մէջ:
Կլոր սեղանի ընթացքին քննարկուեցան հայերէն մամուլին առնչուող հարցերն ու դժուարութիւնները, տեղեկատուական ժամանակակից միջոցները եւ հայ մամուլին ուղղուած մասնագիտական եւ այլեւայլ մարտահրաւէրները:
Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ կլոր սեղանը կը վարէր Րաֆֆի Փիրումեանը եւ զեկուցաբերներն էին՝ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագիր տոքթ. Կարէն Խանլարեանը, Իրանի Իսլ. Հանրապետութեան ռադիոյի Հայերէն ռադիոժամի թարգմանիչ-խօսնակ Ռոբերտ Մարգարեանը, «Յոյս» շաբաթաթերթի խմբագիր Ռոբերտ Սաֆարեանը, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը, «Հայելի» կայքէջի խմբագիր եւ պատասխանատու Սեւան Պետրոսեանը:
Կլոր սեղանի ընթացքին, որը հինգ գլուխներու շուրջ կեդրոնացած էր, ոչ միայն ներկայ զեկուցաբերները տեսակէտներ կÿարծարծէին, այլեւ՝ ուղղակի կապ կը հաստատուէր Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ այլ գաղթօճախներու հայ մամուլի ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչ-լրագրողներու եւ մտաւորականներու հետ:
Հիմնական հինգ թեմաները, որոնցմով զբաղուեցաւ լսարանը երկուքուկէս ժամուայ ընթացքին, հետեւեալներն էին.
ա - Հայերէն մամուլի կատարած դերը սփիւռքեան գաղթօճախներուն մէջ՝ Հայաստանի նախանկախացման շրջանին եւ Հայաստանի անկախացումէն ետք:
բ - Հայկական լրատուամիջոցներու այսօրուայ կացութիւնը, առաւելութիւններն ու խնդիրները:
գ - Մասնագիտական մարտահրաւէրները եւ տեղեկատուական ժամանակակից միջոցները:
դ - Քաղաքական առաջնահերթութիւնները՝ մեր մամուլին մէջ եւ քարոզչական այլ միջոցները:
ե - Միջազգային քարոզչութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այլ լեզուով հայկական լրատուամիջոց ունենալու կարեւորութիւնը: