Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՌուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական կործանիչները անցնող 24 ժամուան ընթացքին 64 թռիչքներ կատարած են եւ Համայի, Իտլիպի, Ռաքքայի եւ Լաթաքիոյ գիւղական շրջաններուն մէջ զինեալներու 63 դիրքերու դէմ յարձակումներ գործած են:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ ռուսական օդանաւերը անցնող 24 ժամուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինեալներու ամրացուած 53 շրջաններ քանդած են: Անոնք Լաթաքիոյ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇի հրետանիներ քանդած են, իսկ Լաթաքիոյ գիւղական շրջանին մէջ ահաբեկիչներու ղեկավարական կեդրոն մը վնասազերծած:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ երէկ հարուածած են Հալէպի հիւսիսը գտնուող ցամաքային ուժերու դպրոցին մերձակայքը գտնուող ՏԱՀԵՇի դիրքերը:

Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի հետ ունեցած է Սուրիոյ վերեւ թռիչքները համակարգելու նպատակով երկրորդ հանդիպում մը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս յայտարարեց, որ ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, Սուրիոյ օդային տարածքին վերեւը բախում մը կանխարգիլելու նպատակով, քննարկումներ կատարած են:

Թրքական բանակը յայտարարեց, որ Շաբաթ օր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ սուրիական կործանիչ մը եւ հակաօդային համակարգեր նեղութիւն տուած են թրքական «Էֆ-16» կործանիչի մը:

Նշենք, որ Մոսկուա երէկ Լոնտոնէն բացատրութիւն պահանջեց այն տեղեկութիւններուն շուրջ, թէ բրիտանական կործանիչներուն արտօնութիւն տրուած է ռուսական կործանիչներուն դէմ յարձակում գործելու: