Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Սեպ­տեմ­բեր 29ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի («­Չի­նա­հայ») նա­խա­գահ Հեն­րի Արս­լա­նեան եւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան Հա­մալ­սա­րա­նի (Հ.Ա.Հ.) նա­խա­գահ Ար­մէն Տէր-­Կիւ­րե­ղեան փոխ-ըմբռն­ման յու­շա­գիր մը ստո­րագ­րե­ցին, ըստ ո­րուն՝ չի­նա­ցի ու­սա­նող­նե­րուն կը տրա­մադ­րո­ւի կրթա­թո­շակ՝ Հ.Ա.Հ.ի մէջ ու­սա­նե­լու հա­մար: 2016էն սկսեալ, Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քը կրթա­թո­շակ պի­տի տրա­մադ­րէ այն չի­նա­ցի ու­սա­նող­նե­րուն, ո­րոնք կը ցան­կա­նան ի­րենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կել Հա­յաս­տա­նի մէջ: Կր­թա­թո­շա­կը կը նե­րա­ռէ թռիչ­քի, ա­ռող­ջու­թիւնն ա­պա­հո­վագ­րե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ կե­ցու­թեան ապ­րուս­տի ծախ­սե­րը: Հ.Ա.Հ. իր հեր­թին եւս կը տրա­մադ­րի կրթա­թո­շակ, որ կը ծած­կէ ուս­ման վար­ձը: «­Չի­նա­հայ»ի եւ Հ.Ա.Հ.ի միա­ցեալ ջան­քե­րը կ­՛օգ­նեն՝ չի­նա­ցի ու­սա­նող­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ հե­տաքրք­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լու Հ.Ա.Հ.ի նկատ­մամբ, զայն յայտ­նի դարձ­նե­լու, ինչ­պէս նաեւ՝ նա­խա­դէպ հան­դի­սա­նա­լու Ա­րե­ւե­լեան Ա­սիա­յէն եւս ու­սա­նող­ներ Հա­յաս­տան հրա­ւի­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Հեն­րի Արս­լա­նեան նշեց.- «­Մենք հպար­տու­թեամբ ենք ա­ռա­ջար­կում այս կրթա­թո­շա­կը մեր չի­նա­ցի ըն­կեր­նե­րին: Սա նաեւ շնոր­հա­կա­լա­կան քայլ կը լի­նի՝ ուղ­ղո­ւած մեր չի­նա­ցի ըն­կեր­նե­րին, ով­քեր դա­րեր շա­րու­նակ ըն­դու­նում են հա­յե­րին: Մենք հա­ւա­տում ենք կրթու­թեան ու­ժին եւ յու­սով ենք, որ այս կրթա­թո­շա­կը կը քա­ջա­լե­րի տա­ղան­դա­ւոր չի­նա­ցի ու­սա­նող­նե­րին ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու Հա­յաս­տա­նում: Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի գա­ղա­փա­րա­կան հիմ­նա­քա­րերն են ան­կա­խու­թիւ­նը, թա­փան­ցի­կու­թիւ­նը, կա­ռա­վա­րու­մը: Մեր նպա­տակն է՝ դառ­նալ գե­րա­զանց հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, ո­րը լաւ օ­րի­նակ կը հան­դի­սա­նայ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րի հա­մար: Մենք հպարտ ենք, որ հա­մա­գոր­ծակ­ցում ենք միեւ­նոյն գա­ղա­փար­նե­րը կի­սող Հ.Ա.Հ.ի հետ»:

Հ.Ա.Հ.ի մէջ ներ­կա­յիս կ’ու­սա­նին տար­բեր ազ­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ի­րենց հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րեն Հ.Ա.Հ.ի բազ­մա­թիւ գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րէն ներս: Ար­դէն եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Հ.Ա.Հ. կ’ա­ռա­ջար­կէ 8 մա­գիստ­րո­սա­կան ծրա­գիր, իսկ 2013էն սկսեալ Հ.Ա.Հ.ի մէջ կա­րե­լի է ստա­նալ նաեւ Բա­կա­լաւ­րի կո­չում: Բա­կա­լաւ­րիա­տը կը գոր­ծէ 2013էն, ո­րու շնոր­հիւ 2012ի ու­սա­նո­ղա­կան տա­րո­ւան հետ բաղ­դա­տած՝ 2013ին ար­տասհ­մա­նէն դի­մորդ­նե­րու թի­ւը ե­ռա­պատ­կո­ւած է: