Նոյեմբեր 18-ի երեկոյեան Նոր Ջուղայի Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, «Արարատ» միութեան սրահէն ներս, մեծ շուքով նշուեցաւ Հ.Յ.Դ. 121-ամեակը։
Ծրագիրը սկսաւ «Մշակ բանուոր»-ի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արթին Մուրադեանը։
Օրուայ բանախօսն էր Հայաստանէն հրաւիրուած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը։ Ան անդրադառնալով Հայաստանի անկախ հանրապետութեան շնորհիւ ձեռք բերուած ինքնավստահութեան եւ ինքնայարգման զգացողութիւններուն՝ մատնանշեց նաեւ շարք մը բացասական երեւոյթներ, որոնք առկայ են այսօր հայրենիքէն ներս։ Հրանդ Մարգարեանը հակիրճ ակնարկ նետելով վերջին 20 տարիներու ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան իրագործած աշխատանքներուն եւ որդեգրած քաղաքականութեան վրայ՝ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ այդ առնչութեամբ սկզբունքներուն, որոնք անհրաժեշտ է, որ յարգուին երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն կողմէ։