Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՌու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թին եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սեր­կէյ Շոյ­կու, առ­ջի օր, միա­սին պատ­կե­րասփ­ռո­ւած հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին յայտ­նե­ցին, որ Կաս­պից ծո­վուն մէջ գտնո­ւող 4 մար­տա­նա­ւեր 26 հրթիռ­ներ ար­ձա­կած են Սու­րիոյ մէջ ՏԱՀԵ­Շի 11 դիր­քե­րու դէմ` անց­նե­լով Ի­րա­նի եւ Ի­րա­քի օ­դա­յին

տա­րած­քէն եւ կտրե­լով 1500 քմ: Ռու­սա­կան ու­ժե­րը 30 Սեպ­տեմ­բե­րէն ի վեր Սու­րիոյ մէջ հա­րո­ւա­ծած են իս­լա­մա­կան­նե­րու 112 թի­րախ­ներ:

Փու­թին յայտ­նեց, որ տա­կա­ւին շատ կա­նուխ է Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լու եւ Շոյ­կո­ւի հրա­մա­յեց շա­րու­նա­կել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Թուր­քիոյ, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ, Ի­րա­նի եւ Ի­րա­քի հետ Սու­րիոյ հար­ցով գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

Շոյ­կու ը­սաւ.- «­Կա­րե­լի չէ ՏԱՀԵ­Շը պար­տու­թեան մատ­նել` ա­ռանց ռուս-ա­մե­րի­կեան հա­մա­կար­գու­մի»: «­Փա­րիզ վեր­ջին այ­ցե­լու­թեանս ըն­թաց­քին Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Հոլ­լանտ ներ­կա­յա­ցուց հե­տաքրք­րա­կան գա­ղա­փար մը, ըստ ո­րուն իր կար­ծի­քով կա­րե­լի է փոր­ձել միաց­նել նա­խա­գահ Ա­սա­տի կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն եւ այս­պէս կո­չո­ւած Սու­րիա­կան ա­զատ բա­նա­կի ջան­քե­րը (ՏԱՀԵ­Շի դէմ)»,- ը­սաւ Փու­թին: Թուր­քիոյ բա­նա­կը իր կար­գին յայ­տա­րա­րեց, որ ռու­սա­կան հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր Ե­րեք­շաբ­թի օր Սու­րիոյ հետ սահ­մա­նին վրայ դէմ դրած են թրքա­կան օ­դու­ժին պատ­կա­նող 8 «Էֆ-16»ե­րու:

Մինչ այդ, Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը առ­ջի օր յայ­տա­րա­րած էր, որ պատ­րաստ է ռու­սա­կան բա­նա­կին հետ Ան­գա­րա­յի մէջ կա­տա­րե­լու բա­նակ­ցու­թիւն­ներ` թրքա­կան օ­դա­յին տա­րած­քի խախ­տու­մի կրկնու­թե­նէն խու­սա­փե­լու հա­մար: Ք­րեմ­լի­նի բան­բեր Տ­միթ­րի Փես­քով իր կար­գին նշեց, որ ռու­սա­կան կոր­ծա­նի­չի մը կող­մէ թրքա­կան օ­դա­յին տա­րած­քին խզու­մը նե­ղու­թիւն պատ­ճա­ռող սխալ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն մըն էր` յայ­տա­րա­րե­լով, որ «մենք պատ­րաստ ենք Թուր­քիոյ հետ զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­կար­գու­մի` օ­դին մէջ պա­տա­հա­կան ար­կած­նե­րէ խու­սա­փե­լու հա­մար»:

Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լու շեշ­տեց, որ «­Ռու­սիոյ հետ շա­հե­րու հա­կադ­րու­թիւն չկայ, սա­կայն նաեւ սահ­ման­նե­րու եւ օ­դա­յին տա­րածք­նե­րու անվ­տան­գու­թե­նէն զի­ջում չկայ»` ա­ւելց­նե­լով.- «­Մենք չենք ու­զեր, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պը ՕԹԱ­Նի եւ Ռու­սիոյ մի­ջեւ ճգնա­ժա­մի վե­րա­ծո­ւի»:

Ըստ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի՝ «­Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան 57 յար­ձա­կում­նե­րէն միայն եր­կու­քը թի­րախ դար­ձու­ցին ՏԱՀԵ­Շը: Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը թի­րախ կը դարձ­նէ ընդ­դի­մու­թիւ­նը»:

«­Ռու­սե­րը պէտք է յար­գեն թրքա­կան օ­դա­յին տա­րած­քը, մե­զի ներ­կա­յաց­նեն այդ խախ­տու­մին ա­ռիթ տո­ւած պատ­ճառ­նե­րը եւ ե­րաշ­խա­ւո­րեն, որ ա­նի­կա պի­տի չկրկնո­ւի»,- ը­սաւ Տա­ւու­թօղ­լու:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր յայտ­նեց, որ Ռու­սիան Սու­րիոյ մէջ կը գոր­ծէ սխալ ռազ­մա­վա­րու­թեան մը հի­մամբ` նշե­լով, որ ի­րենք հա­մա­ձայն չեն Ռու­սիոյ հետ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան, այն­քան ա­տեն որ ան այս սխալ ըն­թաց­քին վրայ կը գտնո­ւի, սա­կայն ա­ւել­ցուց.- «­Պի­տի շա­րու­նա­կենք Ռու­սիոյ հետ կա­պի մէջ մնալ` Սու­րիոյ մէջ մեր օ­դա­չու­նե­րուն անվ­տան­գու­թեան սի­րոյն»:

Միւս կող­մէ, «­Գան­ձա­սար»ի խմբագ­րու­թե­նէն «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած են, որ ռու­սա­կան օ­դու­ժը հա­րո­ւա­ծած է Հա­լէ­պի հիւ­սի­սը գտնո­ւող ՏԱՀԵ­Շի դիր­քե­րը` յատ­կա­պէս Տեր Հա­ֆե­րի եւ Պա­պի մէջ:

Լի­բա­նա­նեան «Ախ­պար» օ­րա­թեր­թը հա­ղոր­դեց, որ քրտա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լած է Դա­մաս­կոս` քննար­կե­լու հա­մար ռու­սա­կան օ­դու­ժի հո­վա­նիին տակ Սու­րիոյ բա­նա­կին հետ միա­ցեալ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեանց կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Ըստ «Ախ­պար»ի՝ Սու­րիոյ բա­նա­կին եւ քրտա­կան Ժո­ղո­վուր­դի Պաշտ­պա­նու­թեան Ջո­կատ­նե­րուն մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը մեծ ճամ­բայ կտրած են եւ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ սկզբուն­քա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է: