Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­­­altՀ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­­­Հայ ­­­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­­­Կի­րա­կի՝ ­­­Հոկ­տեմ­բեր 25ին կա­յա­նա­լիք իր տա­րե­կան ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, ­­­Հայ ­­­Դա­տի «Ա­րո­ւեստ­նե­րու Մր­ցա­նակ»ը պի­տի շնոր­հո­ւի մրցա­նա­կա­կիր հե­ղի­նակ, թա­տե­րա­գիր եւ դե­րա­սան Է­րիք ­­­Պօ­ղո­սեա­նին, որ նաեւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ ­­­Հոկ­տեմ­բեր 23-24ին կա­յա­նա­լիք ­­­Հայ ­­­Դա­տի խորհրդա­ժո­ղո­վին։ ­­­Զոյգ ձեռ­նարկ­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան «­­­Հա­յաթ ­­­Սեն­չը­րի Փ­լա­զա» պան­դո­կին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, California, 90067)։ ­­­Հայ ­­­Դա­տի խորհր­դա­ժո­ղո­վի «­­­Շար­ժա­պատ­կեր Եւ Ա­րո­ւեստ­ներ» քննար­կու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ուր­բաթ՝ ­­­Հոկ­տեմ­բեր 23ին եւ ա­նոր ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ պի­տի առ­նո­ւի «­­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան մա­սին ­­­Պօ­ղո­սեա­նի հե­ղի­նա­կած «Operation Nemesis: The Assassination Plot that Avenged the Armenian Genocide» հա­տո­րը եւ զայն պատ­րաս­տե­լու գոր­ծըն­թա­ցը։ Է­րիք ­­Պօ­ղո­սեան, նշեալ իր հա­տո­րը ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պո­ւած շրջապ­տոյ­տի ըն­թաց­քին, կա­րե­ւոր քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րած է՝ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ծա­նօ­թաց­նե­լով ա­րո­ւես­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րու։ ­­Հայ ­­Դա­տի «Ա­րո­ւեստ­նե­րու Մր­ցա­նակ»ը կը շնոր­հո­ւի գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուեստ­նե­րու ճամ­բով ­­Հայ ­­Դա­տին ի նպաստ աշ­խա­տանք տա­նող ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու։ Այս մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցող­նե­րու շար­քին ե­ղած են ­­Սերժ ­­Թան­քեան, Ք­րիս ­­Պոհ­ճա­լեան եւ Ա­տոմ Է­կո­յեան, ո­րուն «Ա­րա­րատ» ֆիլ­մի դե­րա­կա­տար­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է Է­րիք ­­Պօ­ղո­սեան։