Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Սեպ­տեմ­բեր 29ին, 79 տա­րե­կա­նին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է ֆրան­սա­հայ ծա­նօթ ջու­թա­կա­հար Ժան Տէր-­Մեր­կե­րեան: 

Ծ­նած էր Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ՝ Մար­սէյլ ա­պաս­տա­նած ըն­տա­նի­քի եր­դի­քին տակ: 11 տա­րե­կա­նին ա­ւար­տած է Մար­սէյ­լի ե­րաժշ­տա­նո­ցը եւ տա­րի մը ետք նոյն քա­ ղա­քին մէջ տո­ւած է իր ա­ռա­ջին մե­նա­հա­մեր­գը` կա­տա­րե­լով Ֆե­լիքս Մեն­տել­սո­նի եւ Ան­թո­նիօ Վի­վալ­տիի ջու­թա­կի գոն­չեր­թո­նե­րը նո­ւա­գա­խում­բի հետ:

1948ին ըն­տա­նի­քին հետ ներ­գաղ­թած է Հա­յաս­տան: Ժան Տէր-­Մեր­կե­րեա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը ե­ղած են հայ­րը` Ե­րո­ւան­դը, Կարբ Տոմ­պաեւ (Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ ու­սա­նե­լու տա­րի­նե­րուն) եւ աշ­խար­հահըռ­չակ ջու­թա­կա­հար Տա­ւիտ Օյսթ­րախ (­Մոս­կո­ւա­յի մէջ ու­սա­նե­լու տա­րի­նե­րուն):

Ան նախ Փ­րա­կա­յի (1956) եւ ա­պա Փա­րի­զի մէջ (1961) ար­ժա­նա­ցած է ա­ռա­ջին մրցա­նակ­նե­րու։

Ի­րեն ա­ռա­ջար­կո­ւած է մնալ Մոս­կո­ւա, բայց ինք վե­րա­դար­ձած է Ե­րե­ւան, ուր սկսած է դա­սա­ւան­դել «­Կո­մի­տաս» ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ (1964-1979) եւ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած՝ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Խորհ. Միու­թեան բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու մէջ: 1971ին ար­ժա­նա­նած է Խորհ. Հա­յաս­տա­նի «ժո­ղովր­դա­կան ար­տիստ»ի կո­չու­մին:

1981ին վե­րա­դար­ձած է Մար­սէյլ, ուր սկսած է դա­սա­ւան­դել տեղ­ւոյն ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ եւ տո­ւած՝ մե­նա­հա­մերգ­ներ:

­Ժան Տէր-­Մեր­կե­րեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմ­բեր 2ին, Մար­սէյ­լի Սր­բոց Թարգ­ման­չաց Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: