Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆ­րան­սա­յէն Ան­նա Պեն­ժա­մէ­նի եւ Կի­յոմ Գ­լե­րի պատ­րաս­տած իս­լա­մա­ցո­ւած հա­յե­րու մա­սին «Լ­ռու­թեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը մուտք գոր­ծած է PriMed 2015 ժա­պա­ւէ­նի փա­ռա­տօ­նի ա­ւար­տա­կան փուլ։

52 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ ժա­պա­ւէ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ պատ­մու­թիւ­նը Ար­մէ­նի, Տո­ղու­քա­նի, Եա­շա­րի եւ Նազ­լիի, ո­րոնք թուրք են կամ քիւրտ, ո­րոնք սա­կայն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն յայտ­նա­բե­րած են, որ հա՛յ են, ինչ որ ա­նոնց կեան­քին մէջ կը ստեղ­ծէ ի­րա­րան­ցում։

1915ին, ա­նոնց ծնող­նե­րը կամ մեծ ծնող­նե­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած են ի­րենց իս­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը գաղտ­նի պա­հե­լով։ Ո­մանք փրկո­ւած են թուրք եւ քիւրտ ըն­տա­նիք­նե­րու կող­մէ։ Բո­լո­րը ձու­լո­ւած են, իս­լա­մա­ցած եւ մոռ­ցո­ւած։

Այ­սօր մէկ դար շա­րու­նակ վա­խէ, լռու­թե­նէ եւ ա­մօ­թէ ետք, այդ պատ­մու­թիւ­նը կը բա­ցա­յայ­տո­ւի։ Վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի մե­ծա­թիւ թուր­քեր կը յայտ­նա­բե­րեն ի­րենց ըն­տա­նե­կան գաղտ­նի­քը եւ կը յայ­տա­րա­րեն, որ հայ­կա­կան ծա­գում ու­նին։ Մինչ հա­յե­րը ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին կը նշեն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը՝ «Լ­ռու­թեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը» ժա­պա­ւէ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ իս­լա­մա­ցո­ւած հա­յե­րը, ո­րոնց թի­ւը Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն է։

Նազ­լի

Ա­նոր ըն­տա­նի­քը եր­կար ա­տե­նէ ի վեր պա­հած էր իր հայ­կա­կան ծա­գու­մը։ Ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի կո­րուս­տէն խռո­ված Նազ­լի կ­՚ու­զէ եր­կար ա­տե­նէ ի վեր ար­գի­լո­ւած այդ ինք­նու­թիւ­նը փո­խան­ցել իր որ­դիին։ Վճ­ռա­կամ, ան պե­տու­թեան դէմ պայ­քար կը մղէ իր զա­ւա­կը հայ­կա­կան դպրոց ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար։ Զա­ւա­կին հետ միա­սին հա­յե­րէն կը սոր­վի:

Ար­մէն

Ար­մէն միայն իր հօր մա­հէն ետք է, որ տե­ղեակ կը դառ­նայ իր ըն­տա­նի­քի իս­կա­կան պատ­մու­թեան։ Ա­նոր հայ­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին փրկո­ւած էր քիւրտ ըն­տա­նի­քի մը կող­մէ։ Այ­սօր, 55ա­մեայ Ար­մէ­նը այդ յի­շա­տա­կը յար­գե­լու հա­մար պա­հա­պանն է Տիգ­րա­նա­կեր­տի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիին։ Կը յու­սայ օր մը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցած իր գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րը գտնել։

Տո­ղու­քան

22ա­մեայ Տո­ղու­քան տա­րի­նե­րէ ի վեր իր շրջա­պա­տէն պա­հած է իր հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը։ Ող­բեր­գա­կան դէպ­քէ մը ցնցո­ւե­լէ ետք, ան վեր­ջա­պէս կ­՚ո­րո­շէ յաղ­թա­հա­րել իր վա­խը եւ կ­՚որ­դեգ­րէ խիստ խորհր­դան­շա­կան քայլ մը՝ կը վե­րա­դառ­նայ քրիս­տո­նէու­թեան՝ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու հա­մար իր նա­խա­հայ­րե­րուն ինք­նու­թիւ­նը։

Եա­շար

Եա­շար 39 տա­րե­կա­նին կը յայտ­նա­բե­րէ այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ ինք հայ է։ Նաեւ տե­ղեակ կը դառ­նայ, որ գո­յու­թիւն ու­նի մեծ հօր հայ­րը, որ վե­րապ­րած է ջար­դե­րէն եւ ա­պաս­տա­նած Համ­շէ­նի լեռ­նե­րուն վրայ։ 44ա­մեայ Եա­շար ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը մեկ­նի Վան՝ այդ նա­խա­հայ­րի եւ իր պատ­մու­թեան հետ­քե­րով։

Բե­մադ­րիչ­ներ Ան­նա Պեն­ժա­մէն եւ Կի­յոմ Գ­լեր

2012ին, Սթ­րազ­պուր­կի լրագ­րու­թեան դպրո­ցէն վկա­յեալ Ան­նա Պեն­ժա­մէն «Լ­ռու­թեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը կը պատ­րաս­տէ աշ­խա­տակ­ցե­լէ ետք բազ­մա­թիւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու հետ, ինչ­պէս «­Լը Մոնտ»ի, «­Թէ.Էֆ.1»ի, վեր­ջի­նիս կայ­քին «Էլ.­Սէ. Ի.»ի, «­Ռիւ89»ի եւ «­Լեսլն­րոքս»ի հետ։ Ան հա­մա­հե­ղի­նակն է հա­մա­ցան­ցա­յին վա­ւե­րագ­րա­կան եր­կու ժա­պա­ւէն­նե­րու՝ «­Պա­ղես­տին­ցի­ներ, Մայ­րեր հայ­րե­նիք» եւ «­Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ու­սա­նող­ներ»։

Կի­յոմ Գ­լեր ծնած է Սին­կա­փուր եւ մեծ­ցած Փոր­թու­կա­լի, Ֆ­րան­սա­յի եւ Լի­բա­նա­նի մէջ, ա­պա իր ուս­ման մէկ մա­սը կա­տա­րած է Լա­տին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ։ Ան միշտ ալ հե­տաքրք­րո­ւած է ինք­նու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցե­րով։ Ան եւս ու­սա­նած է Սթ­րազ­պուր­կի լրագ­րու­թեան դպրո­ցը։

Ժա­պա­ւէ­նը դի­տել ՝

https://www.youtube.com/watch?v=qFHpG1zuA-Y