Սեպտեմբեր 27ին Հայաստան, իբրեւ պատուոյ հիւր, մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ Ֆեշի քաղաքին մէջ 1996 թուականէն ի վեր կազմակերպուող «Աշխարհի Գինիներ» խորագիրով ամենամեայ փառատօնին։ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանէն Զուիցերիա տարուած հայկական խա ղողի չորս տեսակներու որթատունկերը հանդիսաւոր արարողութեամբ տնկուեցան Ֆեշիի 11րդ դարու եկեղեցւոյ մօտ գտնուող եւ «Աշխարհի Գինիներ» անունը կրող տնկիներու այգիին մէջ` Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Արժանթինի, Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու տնկիներու կողքին:
Պաշտօնական արարողութեան՝ բացման խօսքով հանդէս եկան Ֆեշիի համայնքային խորհուրդի ղեկավարը, փառատօնի նախագահը եւ Հ.Հ. դեսպանութեան ներկայացուցիչ Յասմիկ Տոլմաճեան:
«Խորհրդանշական է, որ, ինչպէս Աստուածաշնչեան աւանդութեան, ըստ որի, Նոյը, Արարատի ստորոտում` Հայաստանում, տնկեց խաղողի առաջին որթատունկը, այնպէս էլ հնագիտական ուսումնասիրութիւնների համաձայն` խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան վեցհազարամեայ բնօրրան համարուող Հայաստանից բերուած որթատունկերը նորից հանգրուանում են շուէյցարական հիւրընկալ հողում` խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, բազմազանութիւն խորհրդանշող այս այգում»,– իր խօսքին մէջ նշեց Յասմիկ Տոլմաճեան:
Ֆեշիցիներուն եւ Զուիցերիոյ տարբեր վայրերէն ժամանած փառատօնի հիւրերուն հայ երգարուեստն ու պարարուեստը ներկայացուցին զուիցերիահայ համայնքի «Արաքս» երգչախումբն ու «Սանահին» պարախումբը: Փառատօնի ընթացքին կազմակերպուեցաւ Հ.Հ. գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէն տրամադրուած հայկական շուրջ տասնեակ լաւագոյն գինիներու ցուցադրութիւն եւ համտեսում, մատուցուեցան հայկական ուտեստներ: