Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պէյ­րու­թի մէջ Մ.Ա.Կ.ի տե­ղե­կատուա­կան կեդ­րո­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, «Էքթ» միու­թիւնն ու «Ս­մարթ սեն­թըր» կեդ­րո­նը կազ­մա­կեր­պե­ցին «­Հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը լու­սան­կա­րի մէջ» խո­րա­գի­րը կրող լու­սան­կար­չա­կան մրցում մը` Մ.Ա.Կ.ի հիմ­նադ­րու­թեան 70ա­մեա­կին ա­ռի­թով: Այս մրցան­քին մաս­նա­կից­նե­րէն Ա­րազ Պու­չաք­ ճեան ար­ժա­նա­ցաւ լու­սան­կար­չու­թեան մրցա­նա­կին` ընտ­րե­լով «Մ.Ա.Կ.ը կը ծա­ռա­յէ հան­րու­թեան» նիւ­թը: Ա. Պու­չաք­ճեան ծա­նօթ է բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կը գոր­ծեն Մ.Ա.Կ.ի ներ­քեւ: Ան կ՛ապ­րի Պե­քաա­յի մէջ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն յա­տուկ վրա­նա­քա­ղա­քին մօտ: Ա. Պու­չաք­ճեան ուղղուած էր դէ­պի այդ գաղ­թա­կա­յա­նը եւ լու­սանկա­րած սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան մա­նուկ­նե­րը: Մր­ցա­նա­կին շա­հա­ւոր լու­սանկա­րը ե­ղաւ այն, որ առ­նո­ւած է, երբ ե­րե­կոյեան գաղ­թա­կան ե­րե­խա­նե­րուն թէյ խմե­լու ըն­թաց­քին ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քը կ­՛ընդ­հա­տո­ւի եւ ա­նոնք իս­կոյն կը դի­մեն Մ.Ա.Կ.ի կող­մէ ի­րենց տրա­մադ­րո­ւած լու­սար­ձակ­նե­րուն: Լու­սան­կա­րը ցոյց կու տայ ե­րե­խա­նե­րուն լուրջ դէմ­քե­րը, ո­րոնք մու­թին մէջ շատ տպա­ւո­րիչ յայտ­նո­ւած են»,- նշեց ան: