Արեւելեան եկեղեցիներու գծով պապական նուիրակ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրօ, որ Հայաստան կը գտնուէր մասնակցելու համար Գիւմրիի մէջ կատարուած հայ կաթողիկէ «Սրբոց Նահատակաց»եկեղեցւոյ օծման, յայտարարած է, թէ հաւանական է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը 2016ին Հայաստան այցելէ:
Նշենք, որ Գիւմրիի կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծումը կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 24ին, ներկայութեամբ նաեւ նախագահ Սարգսեանի:
Հայաստանի մէջ կաթողիկէներու թիւը կը գնահատուի շուրջ 20.000: Անոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Շիրակի մարզին մէջ, որու կեդրոնն է Գիւմրի քաղաքը: