Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Զո­ւի­ցե­րիա կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցած պե­տա­կան տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ծի­րին մէջ, Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Զո­ւի­ցե­րիոյ Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահ Ք­լոտ Հե­շի հետ: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կ­՛ըն­կե­րա­նա­յին Զո­ւի­ցե­րիոյ բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նա­խա­գահ Կոտֆ­րիտ Լո­

խըր, Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նի եւ Ար­մե­նո­ֆա­սի նա­խա­գահ Թե­նի Փիր­րի-­Սի­մո­նեան:

Ա­ւե­լի քան ժամ մը տե­ւած հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Զո­ւի­ցե­րիոյ պե­տու­թեան, ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ու ժո­ղո­վուր­դին՝ 100 տա­րի շա­րու­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ ի­րենց ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար: Ա­պա, անդ­րա­դար­ձաւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ընդ­հա­նուր կա­ցու­թեան եւ ընդգծեց սու­րիա­կան տագ­նա­պին ա­րագ լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նեա­նե­րու ներ­կա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ:

Ե­րես­փո­խան Բագ­րա­տու­նի ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցում մը փո­խան­ցեց Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան կա­ցու­թեան մա­սին: Իսկ Թե­նի Փիր­րի-­Սի­մո­նեան խօ­սե­ցաւ Ար­մե­նո­ֆաս հիմ­նար­կին մա­սին` յի­շեց­նե­լով, որ Ար­մե­նո­ֆա­սը շա­րու­նա­կու­թիւնն ու փաստն է 100 տա­րի­նե­րու հայ-զո­ւի­ցե­րիա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան:

Ա­պա՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց Զո­ւի­ցե­րիոյ պե­տու­թեան` Հայ Դա­տի գծով ա­նոր ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար: Ան ա­ւել­ցուց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը սպա­սէ, որ Ծե­րա­կոյ­տը եւս պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գա­հը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց եւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը նկա­տեց շի­նիչ: Ար­ծար­ծո­ւած հար­ցե­րուն ա­ռանձ­նա­բար անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ան ը­սաւ, որ Զո­ւի­ցե­րիան մտա­հոգ է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կա­ցու­թեամբ, եւ ի­րենք Սու­րիոյ հար­ցին լուծ­ման գծով կրնան դի­մել ո­րոշ նա­խա­ձեռ­նու­թեան` խորհր­դակ­ցե­լով շրջա­նի ու­ժե­րուն հետ: Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահ Հեշ նկա­տեց, որ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է: Ինչ կը վե­րա­բե­րի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին, ան յստա­կօ­րէն յայտ­նեց, թէ սկզբուն­քա­յին գետ­նի վրայ հա­մա­ձայն են հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցին գծով եւ Զո­ւի­ցե­րիոյ կե­ցո­ւած­քը նոյնն է, սա­կայն ո­րոշ զգայ­նու­թիւն­ներ կան Զո­ւի­ցե­րիոյ եւ Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թեանց առն­չո­ւած: Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գա­հը նաեւ իր խոր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նեց Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն Եւ­րո­պա հաս­նող գաղ­թա­կան­նե­րուն գծով:

Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին` տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում, որ­մէ ետք Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահն ու Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու­նե­ցան մտեր­միկ զրոյց:

24 Սեպ­տեմ­բեր 2015ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­րես­փո­խան Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նիի, այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Զո­ւի­ցե­րիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ար­տա­քին հար­ցե­րու պե­տա­կան նա­խա­րար Իվ Ռո­սիէի հետ:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նա­խա­րա­րին յայտ­նեց, որ Զո­ւի­ցե­րիա կը գտնո­ւի Զո­ւի­ցե­րիոյ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դին հրա­ւէ­րով, միաս­նա­բար յի­շե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու Զո­ւի­ցե­րիոյ պե­տու­թեան, ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին՝ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար, յատ­կա­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող ժա­մա­նա­կաշրջա­նին:

Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին կա­րե­ւո­րու­թեամբ ար­ծար­ծո­ւե­ցան ընդ­հան­րա­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Լի­բա­նանն ու Սու­րիան յու­զող հար­ցեր: Յա­տուկ քննար­կու­մի նիւթ դար­ձան հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նը եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին եւ Թուր­քիոյ կող­մէ:

Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին նա­խա­րա­րը ա­ռա­ջար­կեց վերս­տին հան­դի­պիլ` վե­րո­յի­շեալ հար­ցե­րը ա­ւե­լի լայն ձե­ւով քննար­կե­լու հա­մար: