Սեպտեմբեր 24ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունիի, այցելութիւն տուաւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին հարցերու պետական նախարար Իվ Ռոսիէյի հետ:
Վեհափառը նախարարին յայտնեց, թէ ինք Զուիցերիա կը գտնուի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին հրաւէրով, միասնաբար յիշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելու Զուիցերիոյ՝ իր զօրակցութեան համար, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին:
Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ մասնաւորապէս Լիբանանն ու Սուրիան յուզող հարցերը: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ հայ-թրքական յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը եւ միջազգային համայնքին ու Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման աւարտին, նախարարը առաջարկ ներկայացուց վերստին հանդիպելու՝ վերոյիշեալ հարցերը աւելի լայն ձեւով քննարկելու համար:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 26ին, Երեւանի մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնաժողովին հանդիպումը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ 100ամեակի արժեւորումը, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման գծով կատարուելիք յառաջիկայ աշխատանքները: Յիշեալ ժողովին, Արամ Ա. վեհափառի պատգամը ընթերցեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան:
Իսկ Սեպտեմբեր 27ին, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան կարգը՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ: Սոյն արարողութեան, յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսի, մասնակցեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Շահան Արք. Սարգիսեան:
Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր անձամբ մասնակից դառնալու Միւռոնի օրհնութեան եւ 100ամեակի յանձնաժողովի հանդիպման, սակայն, որպէս պատգամաբեր հրաւիրուած ըլլալով Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ 100ամեակին առիթով կազմակերպուելիք շարք մը ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալու Զուիցերիոյ պետական ու միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ, Վեհափառը չկարողացաւ անձնապէս ներկայ գտնուիլ։