Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թո­րոս Ռոս­լի­նի հե­ղի­նա­կած ութ պատ­կե­րա­զարդ է­ջեր պահ­պա­նու­թեան կը յանձ­նո­ւին Լոս Անճե­լը­սի Գեթ­թի թան­գա­րա­նին մէջ:

13րդ դա­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն պահ­պա­նու­թեան վստա­հու­մը Ա.Մ.Ն.ի խո­շո­րա­գոյն թան­գա­րան­նե­րէն մէ­կուն հնա­րա­ւոր դար­ձաւ Ա­մե­րի­կա­յի հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Գեթ­թի թան­գա­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քով:

Ութ թեր­թե­րուն պատ­կե­րո­ւած խո­րան­նե­րը կը կազ­մեն Զէյ­թու­նի Ա­ւե­տա­րա­նին մէկ մա­սը:

Հա­մա­ձայն թո­ւագ­րու­թեան` ա­նոնք 13րդ դա­րու հայ ա­նո­ւա­նի գրիչ Թո­րոս Ռոս­լի­նի ա­ռա­ջին աշ­խա­տանք­նե­րէն են:

Քա­նի մը տա­րի ա­նընդ­մէջ հայ ե­կե­ղե­ցին կը բարձ­րա­ձայ­նէր նշո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­ւա­յա­ջոր­դու­թեան հար­ցը: Սա­կայն Գեթ­թի թան­գա­րա­նը կը հրա­ժա­րէր տրա­մադ­րե­լէ զա­նոնք, քա­նի որ թան­գա­րա­նը 1994ին օ­րի­նա­կան կեր­պով գնած էր զա­նոնք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած քա­ղա­քա­ցիէ մը, որ իր հետ փրկած էր նշո­ւած ութ է­ջե­րը:

Տա­րի­ներ տե­ւած վէ­ճը հան­գու­ցա­լու­ծո­ւե­ցաւ՝ թան­գա­րա­նին կող­մէ ըն­դու­նե­լէ ետք թուղ­թե­րուն պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիին: Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին ալ իր հեր­թին հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւաւ պահ­պա­նե­լու զա­նոնք Գեթ­թի թան­գա­րա­նին մէջ: