Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Տիգ­րա­նա­կերտ (­Տիար­պե­քիր) նա­հան­գի Սուր շրջա­նին մէջ գտնո­ւող հայ կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին, սոյն տա­րած­քին մէջ յայ­տա­րա­րո­ւած պա­րէ­տա­յին ժա­մո­ւան ըն­թաց­քին, դար­ձած է թուրք ոս­տի­կան­նե­րու յար­ձակ­ման թի­րախ: «­Տիճ­լէ» լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան փո­խանց­մամբ` Հա­սըր­լը թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող հա­զա­ րա­մեայ ե­կե­ղե­ցին մե­ծա­պէս տու­ժած է: Ոս­տի­կան­նե­րը, սա­կայն, չեն բա­ւա­րա­րո­ւած միայն ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ յար­ձակ­մամբ, ա­նոնք գող­ցած են հոն գտնո­ւող ո­րոշ պատ­մա­կան ի­րեր, կը գրէ «Ար­ցախփրես»: Մի­ջա­գետ­քի հա­յե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ա­րաթ Քա­րա­կէօ­զեան յայտ­նած է գոր­ծա­կա­լու­թեան, որ հա­յե­րը կը պատ­րաս­տո­ւին դա­տա­կան գործ յա­րու­ցե­լու փաս­տի առն­չու­թեամբ: Ան նշած է, թէ ե­կե­ղե­ցին կրած է մօտ 300 հա­զար թրքա­կան լի­րա գու­մա­րի չա­փով վնաս:

«Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ե­կե­ղե­ցի մտած է` կոտ­րե­լով պատ­մա­կան դռնե­րը: Ակն­յայտ է, որ մեծ յար­ձա­կում գոր­ծո­ւած է ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ: Գող­ցուած են յախ­ճա­պա­կիին վրայ ե­ղած մեր 6 պատ­մա­կան նկար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ` պա­հես­տին մէջ գտնո­ւող փո­րագ­րո­ւած պատ­մա­կան քա­րե­րը»,- յայտ­նած է Քա­րա­կէօ­զեան: