2014 թուականի Սեպտեմբերէն, Չինաստանի Կրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Փեքինի Օտար Լեզուներու Համալսարանին (Փ.Օ.Լ.Հ.) մէջ նոյն համալսարանի ասպիրանտ, Չինաստանի հայկական համայնքի Գործադիր Մարմնի անդամ, Չինաստանի հայկական ուսանողական միութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Մերի Կնեազեան կը դասաւանդէ հայերէն լեզու: Հայերէնի ուսումնասիրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է, բազմաթիւ ուսանողներ ցանկութիւն յայտնած են ուսումը շարունակելու Հայաստանի մէջ: Ինչպէս նշած է հայերէնի ուսուցչուհի Մերի Կնեազեան, Փ.Օ.Լ.Հ. Չինաստանի լեզուաբանական լաւագոյն համալսարաններէն է, եւ հայերէնի դասաւանդումը կարեւոր է հոն: Հայերէն կ’ուսանին համալսարանի 2րդ եւ 3րդ դասարանի 11 ուսանողներ` որպէս երրորդ օտար լեզու: «Լեզուն ընտրողական է,- կ’ըսէ ան,- եւ ոգեւորիչ է այն փաստը, որ ուսանողները զայն ընտրած են ըստ ցանկութեան: Ի զարմանս ինծի, լեզուն այնքան ալ դժուար չի գար չինացիներուն: Անոնք հայերէնի բարդ հնչիւնները, ինչպէս օրինակ` ձ, ծ, ց, կ’արտասանեն զարմանալիօրէն սահուն: Լեզուի հետ միասին կ’անցընեն նաեւ մշակութային դասեր, ինչ որ աւելի կը մեծցնէ լեզուի հադէպ հետաքրքրութիւնը: Կը դիտենք Հայաստանի մասին ժապաւէններ, կը լսենք` հայկական երաժշտութիւն»: Հայկական համայնքի նախագահ Հենրի Արսլանեան ընդգծած է, որ հպարտութեամբ կը լեցուի, երբ կը տեսնէ երիտասարդ չինացիներ, որոնք մեծ հաճոյքով կը սորվին հայերէն եւ կ’ուսումնասիրեն հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը: