Ամերիկահայերը Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կոչ կ՛ուղղեն պաշտպանելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները:
Այս մասին «Տը Կլոպըլ Քաթըլիք Չենըլ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է ՏԱՀԵՇի դէմ տարուող պայքարի զինուորական միջամտութիւնը խստացնել եւ բողոքել Թուրքիոյ գործողութիւններուն դէմ, որ ՏԱՀԵՇի դէմ պայքարի քողին տակ յարձակումներ կը գործէ քիւրտերուն եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններուն վրայ: Այդ շրջագիծին մէջ ան նշած է քոնկրեսականներ Աննա Էշուի եւ Չեֆ Ֆորթենպերիի ներկայացուցած բանաձեւին կարեւորութիւնը: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի մէջ ՏԱՀԵՇի իրականացուցած քրիստոնեաներու հալածանքները որակելու ցեղասպանութիւն: «Հայերը նոյնպէս յարձակումի թիրախ դարձած են»,- նշած է Համբարեան:
Անոր կարծիքով՝ հիմնական խնդիրը այն է, որ շատերը հարցին մօտեցած են քաղաքականութեան մակարդակով, հակառակ անոր որ ցեղասպանութիւնը բարոյականութեան հարց է: «Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներու աւելի քիչ բազմաշերտ եւ վերջին հաշուով աւելի վտանգաւոր վայր պիտի դառնայ»,- ընդգծած է Համբարեան: