Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Քոնկ­րե­սա­կան­ներ Ան­նա Է­շու, ­Ճեֆ ­Ֆոր­թեն­պե­րի եւ չորս այլ քոնկ­րե­սա­կան­ներ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ներ­կա­յա­ցու­ցած են բա­նա­ձեւ մը՝ պա­հան­ջե­լով ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րուն եւ կրօ­նա­կան այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» կող­մէ գոր­ծո­ւող ա­րարք­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կո­չել:

«­Բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծը կոչ կ­՛ուղ­ղէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ա­նո­ւա­նե­լու: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ քրիս­տո­նէա­կան հնա­դա­րեան հա­մայնք­նե­րը իս­կա­պէս կ­՛ոչն­չա­ցո­ւին. այն­տեղ կան մեծ թի­ւով այլ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ՝ կրօ­նա­կան տար­բեր շեր­տե­րէ, ո­րոնք եւս կը տու­ժեն միւս­նե­րուն հետ»,- նշած է Է­շու՝ ընդգ­ծե­լով, որ ժա­մա­նակն է ի­րե­րը ի­րենց ա­նուն­նե­րով կո­չե­լու: