Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սեպտեմբեր 5ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, վառելանիւթի մատակարարման յատկացուած Հ.Օ.Մ.ի օժանդակութեան գումարին բաշխումը:
Տեղւոյն Շրջանային Վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Սօսի Փիլաւճեան։ Ողջունելով ներկաները՝ ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան, մաւանադ Հ.Օ.Մ.ի Ամերիկայի ՄիացեալՆահանգներու Արեւելեան մասնաճիւղի անդամներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց աշխատանքի եւ հանգանակած գումարներու շնորհիւ սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքները կը ստանան յատկացուած վառելանիւիթի գումարը:
Ան նոյնպէս համառօտ ձեւով անդրադարձաւ տագնապի ընթացքին Ս.Օ.Խաչի, անկախ Հ.Օ.Մ.ի ծրագիրներէն, կատարած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, ապա՝ մաղթեց, որ շուտափոյթ վերջ գտնեն Սուրիոյ ժողովուրդի տառապանքները, ինչպէս նաեւ իր ջանասիրութեամբ յայտնի սուրիահայը կրկին բանեցնէ իր հնոցը եւ վերատիրանայ շինականի ու ծաղկեցնողի երբեմնի իր բարի համաբաւին՝ առիթ չտալով որեւէ կարիքաւոր հայ ընտանիքի գոյացման:
Հանդիպման աւարտին գումարները, ըստ ցանկերուն, յանձնուեցան իրենց հասցէատէրերուն: Սուրիոյ հինգ տարիներէ ի վեր երկարող տագնապի առաջին իսկ օրերէն, Հ.Օ.Մ. իր գլխաւոր մասնաճիւղերէն` Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի միջոցաւ կրցաւ իր կարեւոր ու կենսական նպաստը բերել պատերազմէն տուժողներու՝ մատուցելով տաք ճաշ նպաստընկալներուն եւ պետականօրէն բաժնուող 200 լիթր վառելանիւթի փոխարժէքի յատկացում: