Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՄիա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ­Սեպ­տեմ­բեր 10 թո­ւա­կիր հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը, կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Սեպ­տեմ­բեր 8ին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի գի­տա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան հար­ցե­րու խորհր­դա­կան նշա­նակուած է դոկտ. ­Վան ­Թիւ­րէ­քեան։

Ն­շենք, որ ­Թիւ­րէ­քեան թոռ­նիկն է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րող­նե­րու եւ զա­ւա­կը՝ յայտ­նի գիտ­նա­կան դոկտ. ­Քարլ ­Թիւ­րէ­քեա­նի, որ մա­հա­ցաւ 2013ին։

­Դոկտ. ­Վան ­Թիւ­րէ­քեան նա­խա­պէս ­Գի­տու­թեան ­Յա­ռա­ջաց­ման Ա­մե­րի­կեան ­Միու­թեան (AAAS) մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րու գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն էր, ինչ­պէս նաեւ՝ նոյն միու­թեան ­Գի­տա­կան ­Դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ­Կեդ­րո­նի վա­րի­չը։ Այդ հան­գա­մանք­նե­րով՝ ան նպաս­տած է եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կա­մուրջ­ներ հաս­տա­տե­լու ջան­քե­րուն՝ ի մի բե­րե­լով ա­նոնց գի­տա­կան ծրա­գիր­նե­րը։

Ան ան­ցեա­լին եւս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ աշ­խա­տած է իբ­րեւ հա­մաշ­խար­հա­յին հար­ցե­րով փոխ-նա­խա­րա­րի օգ­նա­կան եւ խորհր­դա­տու։

­Դոկտ. ­Վան ­Թիւ­րէ­քեան իր 14 տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ խոր­հուրդ­ներ պի­տի տայ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին եւ տնտե­սա­կան ա­ճի, ու­ժա­նիւ­թի ու կեն­սո­լոր­տի հար­ցե­րով ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րա­րին, յատ­կա­պէս՝ երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող կեն­սո­լոր­տի, գի­տու­թեան, ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հար­ցե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ։