Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հինգ­շաբ­թի՝ 10 ­Սեպ­տեմ­բեր 2015ի ա­ռա­ւօ­տուն, ըն­դու­նե­լով ­Պէյ­րու­թի մէջ գու­մա­րո­ւող եւ գաղ­թա­կան­նե­րու նո­ւի­րո­ւած միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի մէջ։

­Յի­շեալ հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած է Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Խոր­հուր­դին եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Խոր­հուր­դին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ ­Հա­մա­գու­մա­րի օ­րա­կար­գին մաս կը կազ­մեն գաղ­թա­կա­նու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիու­թեան առն­չո­ւած հար­ցեր։ ­Հա­մա­գու­մա­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն շուրջ 50 հո­գի­ներ, նե­րա­ռեալ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն՝ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցե­րուն գծով, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ.- «­Գաղ­թա­կա­նու­թեան հար­ցը նոր ե­րե­ւոյթ մը չէ։ ­Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան ու ա­պա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րու հե­տե­ւան­քով, մար­դիկ հե­ռա­ցած են ի­րենց բնա­կած եր­կիր­նե­րէն ու հաս­տա­տո­ւած մա­նա­ւանդ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու մէջ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր դառն փոր­ձա­ռու­թեամբ կը զգայ գաղ­թա­կան­նե­րուն ապ­րած հո­գե­վի­ճա­կը։ Չ­մոռ­նանք, որ 1915ին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ օս­մա­նեան թուրք պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով, հայ ժո­ղո­վուր­դը ե­ղաւ գաղ­թա­կան, ա­նոր պար­տադ­րո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ իր դա­րա­ւոր հայ­րե­նի­քէն՝ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նէն ու ­Կի­լի­կիա­յէն։ Չ­մոռ­նանք նաեւ, որ ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դը՝ իս­լամ թէ քրիս­տո­նեայ, ըն­դու­նեց մեզ իր հայ­րե­նի­քէն ներս։ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող վե­րի­վայ­րում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, դէ­պի ա­րեւմ­տեան եր­կիր­ներ ար­տա­գաղ­թը նոր թափ է ստա­ցած վեր­ջերս։ Ինչ կը վե­րա­բե­րի քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կե­ցո­ւած­քին, մեր բո­լո­րին կե­ցո­ւած­քը կը մնայ նոյ­նը՝ հե­տե­ւո­ղա­կան ճիգ պէտք է թա­փել քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րը պա­հե­լու ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս՝ հա­կա­ռակ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն։ ­Սա­կայն, ստի­պո­ղա­կան պա­րա­գա­նե­րուն, ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րը ի­րենց կրօ­նա­կան ու պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ճամ­բով պէտք է օգ­տա­կար հան­դի­սա­նան գաղ­թա­կան­նե­րուն»։