Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Օ­գոս­տոս 10ին ան­յայտ յան­ցա­գործ մը «­Մո­լո­թով» տե­սա­կի ռումբ մը նե­տած է Կ­լեն­տէյ­լի ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թեան շէն­քին վրայ, այս մա­սին «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր» թեր­թին յայտ­նած է լա­ւա­տե­ղեակ անձ մը, որ չէ ցան­կա­ցած բա­ցա­յայ­տել իր ա­նու­նը:

­Հիւ­պա­տո­սու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թեան տե­սախ­ցիկ­նե­րը ար­ձա­նագ­րած են, որ ժա­մը 00.03ին մե­քե­նայ մը կանգ ա­ռած է հիւ­պա­տո­սու­թեան շէն­քին մօտ: Ու­ղե­ւո­րը դուրս ե­կած է մե­քե­նա­յէն եւ դիւ­րա­վառ հե­ղու­կով լի շի­շը վա­ռե­լով նե­տած շէն­քին ուղ­ղու­թեամբ: ­Նե­տո­ւած ա­ռար­կա­յէն այր­ման հետ­քեր մնա­ցած են շէն­քի ար­տա­քին պա­տի փոքր հա­տո­ւա­ծի մը վրայ եւ խան­ձո­ւած են մօ­տա­կայ ծա­ռի ճիւ­ղե­րը:

Երբ Կ­լեն­տէյ­լի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հա­սաւ հիւ­պա­տո­սու­թիւն, յար­ձա­կող­նե­րը ար­դէն փա­խած էին յան­ցա­գոր­ծու­թեան վայ­րէն:

­Թէ՛ Կ­լեն­տէյ­լի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը, թէ՛ Ա.Մ.Ն.ի պե­տա­կան բա­ժան­մուն­քի անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը աշ­խու­ժօ­րէն կը հե­տաքննեն հրկիզ­ման փոր­ձը:

Ա­ռա­ջին ան­գամ է, որ հա­յաս­տա­նեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան շէնք մը յար­ձակ­ման են­թար­կո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, եւ հա­ւա­նա­բար` ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ:

Կ­լեն­տէյ­լի ոս­տի­կա­նու­թեան մա­մու­լի խօս­նա­կը «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»ին ը­սած է, որ չի կրնար ո­րե­ւէ մեկ­նա­բա­նու­թիւն ը­նել, քա­նի որ մի­ջա­դէ­պին շուրջ հե­տաքն­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի: