Վերջերս մեծ ջանք թափուեցաւ՝ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան զարկ տալու համար Մեքսիքօ Սիթիի մէջ. իր նուիրումով այս նպատակին զօրակցութիւն ցուցաբերեց մեքսիքաբնակ հայ համանյքը՝ վերադառնալու համար իր իսկական եւ հայկական արմատներուն: Մեքսիքայի հայ համայնքը միաւորելու ջանքին մէջ, առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան միշտ շեշտած է Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի կարեւոր դերակատարութիւնը։ Կիրակի՝ Օգոստոս 30ին, առաջնորդը Ս. Պատարագ մատուցեց Մեքսիքօ Սիթիի «Our Lady of Lebanon» մարոնիններու եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջին անգամն էր, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատարագ կը մատուցուէր Մեքսիքայի մէջ: Մեքսիքօ Սիթի կատարուած առաջնորդին այս հինգերորդ հովուական այցելութեան, Առաջնորդին կ՛ընկերանային Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեան եւ Արտակ Սրկ. Խաչիկեան: Տաճարը գրեթէ լեցուած էր հայ հաւատացեալներով, որոնք հոգեկան վերացում ապրեցան՝ ականատես դառնալով մատուցուած Եպիսկոպոսական Պատարագին: Արարողութեան աւարտին, Սրբազանը կատարեց խաղողի օրհնութիւնը եւ բացատրեց անոր հոգեւոր նշանակութիւնը:
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Ճորճ Սաատ Ապի Եունես Սրբազանին, որ եպիսկոպոսն է Մեքսիքայի Մարոնի եկեղեցւոյ, իր ջերմ ընդունելութեան համար: Սրբազան Հայրը խօսեցաւ հայկական Սփիւռքին համար Լիբանանի ունեցած ճակատագրական դերին մասին՝ նշելով.- «Կասկած չկայ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն փոխադարձ սիրոյն եւ յարգանքին մասին: 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Լիբանան մեծ սիրով ընդունեց տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներ եւ անոնց ազգային ժառանգութիւնն ու մշակոյթը»: