Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Լ.Ղ..ի Հար­ցը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման և մար­դու ի­րա­ւուն­քի հարց է»,- ան­գամ մը եւս կը հաս­տա­տեն Ու­րու­կո­ւէ­յի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը։ Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ու­րու­կո­ւէ­յի Հայ Դատի Յանձ­նա­խում­բին, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րը այ­ցե­լած Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան գտնո­ւե­ցաւ Մօն­թէ­վի­տէօ եւ, շրջա­նի ըն­կեր­նե­րուն հետ տես­նո­ւե­լէ ա­ռաջ, կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ երկ­րի քա­ղա­քա­կան ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։ Ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը կա­յա­ցաւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մար­թին Վի­տա­լի հետ։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան ող­ջու­նեց Ու­րու­կո­ւէ­յի ազ­նիւ կե­ցո­ւած­քը Հա­յաս­տա­նի եւ յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի Հար­ցով՝ նաեւ յոյս յայտ­նե­լով, որ Հաաս­տան-Ուրու­կո­ւէյ ար­դէն ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի խո­րա­նան եւ հաս­նին բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի։ Մար­թին Վի­տալն ալ, իր կար­գին ող­ջու­նե­լով Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը, ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց, թէ Հա­յա­տան-Ու­րու­կո­ւէյ երկ­կողմ կա­պե­րը ոչ միայն կը գտնո­ւին ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ, այ­լեւ ա­նոնք ա­ւան­դա­կան են եւ կու գան տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն։ Իսկ Ար­ցա­խի Հար­ցով, Վի­տալ կրկին վստա­հե­ցուց, թէ Ու­րու­կո­ւէ­յի կա­ռա­վա­րու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը շատ յստակ է եւ մենք սկզբուն­քա­յին դիրք որ­դեգ­րած ենք, ո­րուն հիմ­քը մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու, ար­դա­րու­թեան, մարդ­կա­յին հիմ­նա­րար ար­ժէք­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման հար­ցերն են եւ այս կա­պակ­ցու­թեամբ, մեր այս դիր­քէն ոչ մէկ ետ­քայլ, այ­լեւ դէ­պի յա­ռաջ քայ­լեր առ­նելն է,- հա­ւաս­տիա­ցուց Մար­թին Վի­տալ, որ շատ ե­րի­տա­սարդ դի­ւաա­գէտ մըն է եւ իր խօս­քե­րէն ի յայտ ե­կաւ, որ ան խո­րա­պէս ծա­նօթ է եւ կը տի­րա­պե­տէ Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան ման­րա­մաս­նե­րուն։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ետք Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեա­նի յա­ջորդ հան­դի­պու­մը խորհր­դա­րա­նին մէջ էր, ուր ան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տան-Ու­րու­կո­ւէյ Բա­րե­կա­մու­թեան Յանձ­նա­խոմ­բի, ինչ­պէս նաև Մի­ջազ­գա­յին Հար­ցե­րով Քա­ղա­քա­կան Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րու կող­մէ։ Հան­դի­պու­մը գլխա­ւո­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բա­րե­կամ եւ Հայ Դա­տի զօ­րա­կից­նե­րէն՝ ծե­րա­կոյ­տի ան­դամ Ռու­պէն Մար­թի­նէս Ո­ւէլ­մօ, որ ը­սաւ թէ մեծ պա­տիւ մըն է ըն­դու­նիլ Հաաս­տա­նի Ա.Ժ.ի պատ­գա­մա­ւոր Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեա­նը եւ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ան­դա­մե­րը։ Խօ­սե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մա­սին՝ Ո­ւէլ­մօ շեշ­տեց, թէ բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցո­ւած են օ­րէնս­դիր եր­կու պա­լատ­նե­րուն մէջ, միա­տե­սակ դիր­քո­րո­շում ու­նին։ «­Յատ­կա­պէս մե­զի հա­մար,- ը­սաւ ան,- Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ա­նոր ժո­ղո­վուր­դի մար­դու հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րը, ինչ­պէս նաև ա­նոր ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, չեն կրնար փո­խա­րի­նո­ւիլ զուտ շա­հա­բեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով»։ Ծե­րա­կոյ­տի ան­դա­մը նաեւ յի­շեց տա­րա­բախտ ընկ. Վա­հան Յով­հան­նէ­սեա­նը, որ ի­րենց պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խում­բին, եր­կու տա­րի ա­ռաջ, ըն­կե­րակ­ցած էր Ար­ցախ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քի­ն։