Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մ.Ա.Կ.ի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւունք­նե­րու գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար ­Զէյտ ­Ռաատ ­Հիւ­սէյն դա­տա­պար­տած է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հան­դէպ հա­լա­ծանք­նե­րը: «­Հա­կա­ռակ այդ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ նա­խա­գա­հին յղած իմ կրկնա­կի յոր­դոր­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կը շա­ րու­նա­կեն ճնշել, հա­լա­ծել եւ ա­հա­բե­կել լրագ­րող­նե­րը, ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րը եւ գոր­ծիչ­նե­րը»,- ը­սած է յանձ­նա­կա­տա­րը, որ միա­ժա­մա­նակ կոչ ը­րած է ան­յա­պաղ ա­զատ ար­ձա­կե­լու բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք բան­տար­կո­ւած են միայն խօս­քի ա­զա­տու­թեան ի­րենց ի­րա­ւուն­քէն օգ­տո­ւե­լու կամ այլ մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու «յան­ցանք»ով: