Պոլսոյ Թուզլա թաղամասի հայկական «Քեմփ Արմէն» որբանոցին դէմ Սեպտեմբեր 7ի գիշերը մահակներով յարձակում մը տեղի ունեցած է: «Քեմփ Արմէն» որբանոցի քանդման դէմ «Քեմփ Արմէն»ի մէջ հերթապահութիւն ընող «Նոր Զարթօնք» շարժման կայքը կը տեղեկացնէ, որ Սեպտեմբեր 7ի գիշերը մահակներով զինուած 6 հոգի մօտեցած են որբանոցին եւ փորձած են բանալ դարպասները, սակայն հերթապահութիւն իրականացնողները յաջողած են ետ մղել յարձակողները: Սակայն «Քեմփ Արմէն»ի հերթապահողները կը զգուշացնեն, որ նմանատիպ յարձակումներ, հնարաւոր է, դարձեալ ըլլան եւ կը խնդրեն իրենց աջակցիլ ու համերաշխութիւն յայտնել:
Նշենք, որ Պոլսոյ «Քեմփ Արմէն» մանկատունը 1987ին գրաւուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, այնուհետեւ վաճառուած է թուրք գործարարի մը: Վերջինս ալ որոշած է քանդել մանկատունը եւ շքեղ տուներ կառուցել: Հասարակական ճնշման արդիւնքով՝ մանկատան քանդումը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է: Յիշեալ մանկատան մէջ մեծցած են նաեւ Հրանդ Տինք եւ անոր կինը` Ռաքէլ Տինք: