-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական ժողովը գումարուեցաւ 5-6 Սեպտեմբերին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի եւ ամերիկեան ցամաքամասի ու Աւստրալիոյ կազմա կերպական հինգ շրջաններու մարմիններէն 22 ներկայացուցիչներու: Իր չորս նիստերու ընթացքին, Ռայոնական ժողովը բազմակողմանի քննութեան տակ առաւ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Արեւմտեան աշխարհի, Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, ինչպէս նաեւ լսեց իւրաքանչիւր մարմինի գործունէութեան զեկուցումը եւ առաջարկները: Հ.Յ.Դ. 125ամեակի տօնակատարութիւններու շեմին տեղի ունեցած այս քննարկումները յատկապէս կեդրոնացան Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի զօրակցութեան, Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին, Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կազմակերպական հզօրացման, երիտասարդութեան ներգրաւման, Հայ Դատի աշխատանքներու հունաւորման եւ ազգային ներուժի ամրապնդման խնդիրներուն վրայ: