Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

 Թրքական «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող Թուրք երիտասարդական միութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ 2005-ին որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը չեղեալ նկատելու համար ստորագրահաւաքի սկսած է:


Թրքական նշեալ միութեան նախագահ Պէյհան Եըլտըրըմ յայտարարած է, որ իրենք Գերմանիոյ մէջ եւ անկէ դուրս ապրող բոլորին կոչ կ՛ուղղեն՝  միանալու իրենց ստորագրահաւաքին: «Գերմանիոյ թուրքերը շատ տխրեցան, երբ Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծը: Այդ օրինագիծը դարձեալ օրակարգ բերելու եւ չեղեալ յայտարարելու համար ստորագրահաւաք կը կատարենք: Խորհրդարանին պիտի ներկայացնենք նաեւ 1915-ի մասին պատմող երկու գիրք», ըսած է Պէյհան Եըլտըրըմ՝ նշելով, որ նախատեսուած է շուրջ 50 հազար ստորագրութիւն  հաւաքել: