Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եր­կու­շաբ­թի, 7 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան, Ֆ­րան­չիս­կոս Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նեց ­Տո­մուս ­Սան­թա ­Մար­թա­յի մատ­րան մէջ եւ ներ­կա­նե­րուն տո­ւաւ օ­րո­ւան պատ­գա­մը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին` ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պոս­նե­րը

գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս-­Պատ­րիարք ­Տէր Գ­րի­գոր ­Պետ­րոս Ի.ի։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Վա­տի­կան» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը:

Այս առ­թիւ ար­տա­սա­նած իր քա­րո­զին մէջ Սըր­բա­զան ­Պա­պը անդ­րա­դար­ձաւ ­Սուրբ Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մին, ուր կը պատ­մո­ւի ­Յի­սու­սի մէկ հրաշ­քի մա­սին (­Ղուկ Զ. 6-11)։ Այս դրո­ւա­գին մէջ կը կար­դանք դպիր­նե­րու եւ փա­րի­սե­ցի­նե­րու ընդվ­զու­մին մա­սին, ո­րով­հե­տեւ ­Յի­սուս Շա­բաթ օ­րով կա­տա­րած էր հրաշ­քը։ Ա­նոնք կը խորհըր­դակ­ցին, թէ ինչ­պէս սպա­ննեն ­Յի­սու­սը։

Այ­սօր ալ, յի­շե­ցուց Սր­բա­զան ­Պա­պը, ա­ւե­լի քան սկզբնա­կան շրջա­նին, քրիս­տո­նեա­ներ կը հա­լա­ծո­ւին, կը սպան­նո­ւին, կը տե­ղա­հա­նո­ւին եւ զրկան­քի կ­՛են­թար­կո­ւին։ Չ­կայ քրիս­տո­նէու­թիւն՝ ա­ռանց հա­լա­ծան­քի։ ­Յի­շե­ցէք Ա­ւե­տա­րա­նի Ե­րա­նե­լի­նե­րուն վեր­ջի­նը՝ «Ե­րա­նի ձե­զի, երբ ձեզ նա­խա­տեն եւ հա­լա­ծեն, եւ իմ պատ­ճա­ռովս ձեր մա­սին ա­մէն տե­սակ սուտ եւ չա­րա­խօ­սու­թիւն ը­նեն»։ (Մտթ Ե. 11)

Այ­սօր, ի տես այս հա­լա­ծանք­նե­րուն, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւին աշ­խար­հի վրայ, շատ մը իշ­խա­նու­թիւն­ներ ի­րենց լռու­թեամբ մեղ­սա­կից են կա­տա­րո­ւա­ծին՝ մինչ կա­րող էին դադ­րեց­նել զայն։ Այս է մեր քրիս­տո­նէա­կան ճա­կա­տա­գի­րը՝ քա­լել ­Յի­սու­սի ճա­նա­պար­հէն։

Սր­բա­զան ­Պա­պը յատ­կա­պէս յի­շեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­լա­ծանք­նե­րը։ Ան ը­սաւ՝ հա­յե­րը ա­ռա­ջին ժո­ղո­վուրդն են, որ ըն­դու­նե­ցին քրիս­տո­նէու­թիւ­նը։ Ա­նոնք հա­լա­ծո­ւե­ցան, պար­զա­պէս ի­րենց քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լուն հա­մար։ Այ­սօր, լրա­գիր­նե­րուն մէջ կը կար­դանք այն ար­հա­ւիրք­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ո­րոշ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբակ­ցու­թիւն­ներ կը պատ­ճա­ռեն, ո­րոնք մար­դիկ կը կո­տո­րեն՝ պար­զա­պէս ա­նոնց քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լուն հա­մար։ ­Յի­շենք Ե­գիպ­տո­սի մար­տի­րոս­նե­րը, ո­րոնք ­Լի­պիա­յի ծո­վա­փին վրայ խող­խո­ղո­ւե­ցան, մինչ ­Յի­սու­սի ա­նու­նը կը կան­չէին։

Ա­պա, շա­րու­նա­կեց Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պապ՝ «­Հայ ժո­ղո­վուրդն ալ հա­լա­ծո­ւած է, տե­ղա­հա­նո­ւած է իր հայ­րե­նի­քէն, ա­ռանց օգ­նու­թեան քշո­ւած ա­նա­պատ։ Այս հա­լա­ծան­քը սկսած է ար­դէն ­Յի­սու­սի դէմ. այն ինչ որ ը­րած են ­Յի­սու­սի, պատ­մու­թեան մէջ նոյ­նը ը­րած են ­Յի­սու­սի ­Մարմ­նին՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ»։

Ա­պա՝ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պապ խօսքն ուղ­ղե­լով ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­յոց ­Գ­րի­գոր ­Պետ­րոս Ի. ­Պատ­րիարք-Կա­թո­ղի­կո­սին, հա­մա­պա­տա­րա­գող հայ կա­թո­ղի­կէ ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն եւ հայ քա­հա­նա­նե­րուն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ ը­սաւ.- «Կ’ու­զեմ ձեզ գրկել եւ յի­շել այն հա­լա­ծան­քը, որ դուք կրած էք, յի­շել ձեր սուր­բե­րը, այն բազ­մա­թիւ սուր­բե­րը, ո­րոնք ա­նա­պա­տին մէջ մա­հա­ցած են սո­վէ, ցուր­տէ եւ խոշ­տան­գում­նե­րէ. պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ քրիս­տո­նեայ էին»։ Ան ա­պա խօս­քը եզ­րա­փա­կեց հայ­ցե­լով ­Տի­րոջ­մէ, որ մե­զի եւս պար­գե­ւէ Ք­րիս­տո­սը վկա­յե­լու քա­ջու­թեան շնորհ­քը, զոր ըն­դու­նե­ցին նա­հա­տակ­նե­րը ու յատ­կա­պէս հայ ազ­գի նա­հա­տակ­նե­րը։