Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«­Մաշ­տոց»ը հա­մա­կարգ­չա­յին ա­րեւմտա­հա­յե­րէն ու­սու­ցո­ղա­կան նոր խաղ մըն է, որ կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին կրթա­կան յա­ւե­լո­ւա­ծը՝ նա­խա­տե­սո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րու հա­մար: Այժմ ար­դէն ուր ալ ըլ­լաք, հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նիք ձեր հե­ռա­ձայ­նի մի­ջո­ցով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն սոր­վիլ «­Մաշ­ տոց»ի օգ­նու­թեամբ: Ու­սու­ցո­ղաա­կան այս խա­ղը կ’օգ­նէ սոր­վե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն բա­ռա­պա­շար եւ քե­րա­կա­նա­կան հիմ­նա­կան կա­նոն­ներ, ան նաեւ լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ’ըն­ձե­ռէ՝ ամ­րա­պան­դե­լու ձեր գի­տե­լի­քը հայ մշա­կոյ­թի, գրա­կա­նու­թեան, պատ­մու­թեան եւ աշ­խար­հագ­րու­թեան ո­լորտ­նե­րէն ներս: Հե­տաքրք­րա­կան, գու­նա­զարդ եւ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով լի խա­ղե­րու մի­ջո­ցով դուք կը ստա­նաք շատ գի­տե­լիք­ներ, ա­ռանց շատ ջանք թա­փե­լու: Այս մա­սին «Ե­ռա­գոյն»ին կը յայտ­նեն խա­ղի հե­ղի­նակ­նե­րը։ Այս­պի­սով,«­Մաշ­տոց»ի յա­ւե­լո­ւա­ծը ար­դէն հա­սա­նե­լի է Google Playի մէջ: Ըն­դա­մէ­նը պէտք է ներ­բեռ­նել յա­ւե­լո­ւա­ծը, այն ալ անվ­ճար: Գոր­ծար­կե­ցէ՛ք եւ գնա­հա­տե­ցէ՛ք:

https://play.google.com/store/apps/details?id=com.inconceptlabs.mashtots

Ծ­րա­գի­րը հո­վա­նա­ւո­րած է Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան Հիմ­նադ­րա­մը: