-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-
«Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակիցները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Շաբաթ՝ 29 Օգոստոսին, «Սուրիահայութեան տագնապն ու «Գանձասար»ին դերը» նիւթին շուրջ զրուցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու համար: «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան անդրադարձաւ մամլոյ դերին՝ լրատուութեան ներկայ բաց համակարգին մէջ սուրիահայութեան տագնապի ու համայնքային կեանքի իսկական պատկերը ներկայացնելու յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ, ապա նաեւ կարեւոր նկատեց ազատ խօսքն ու բազմակարծութիւնը, միաժամանակ, լրատուութեան հանրային կարծիքին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը նկատի առած՝ ապատեղեկատուութեան դէմ դնելու եւ համայնքի դժուարութիւններուն եւ տարբեր աշխատանքներուն հարազատօրէն արձագանգելու կարեւորութիւնը: Պատկան մարմինի անդամ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան ներկայացուց սուրիական տագնապի անցնող չորս տարիներուն ապրած զարգացումներուն հոլովոյթն ու հայ համայնքին մօտեցումը՝ շեշտելով, որ համայնքը իր յարաբերական, ապահովական, տնտեսական, կազմակերպչական բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դրաւ՝ տագնապէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու եւ հաւասարակշռուած դիրքերէ հանդէս գալու համար: «Գանձասար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Ապահունի կարեւոր նկատեց նման հանդիպումները եւ փափաք յայտնեց շարունակական դարձնել զանոնք՝ համայնքը յուզող տարբեր հարցերու շուրջ խորհրդակցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու համար: Այնուհետեւ «Գանձասար»ի աշխատակիցները կարծիքներ փոխանակեցին սուրիահայ համայնքի ներկայ վիճակին առնչութեամբ մամուլին մէջ տեղ գտած արձագանգներուն ու «Գանձասար»ի դերին մասին: