Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սու­րիոյ Քո­պա­նի քա­ղա­քի ե­րեք ըն­տա­նիք­ներ Սեպ­տեմ­բեր 3ին մեկ­նե­ցան Հա­յաս­տան, մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­րի մը շա­րու­նակ Թուր­քիոյ փախս­տա­կան­նե­րու ճամ­բա­րին մէջ բնա­կե­լէ ետք։

Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Քո­պա­նիի բնա­կիչ Սօ­սի Թով­մա­սեան պատ­մեց, որ Քո­պա­նիէն Թուր­քիա տե­ղա­փո­խո­ւած են դէպ­քէն ետք, երբ Սու­րիոյ մէջ զի­նեալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ սպան­նո­ւած էր իր հօ­րեղ­բայ­րը։ «Ատ­կէ ետք մեր կեան­քը ան­տա­նե­լի դար­ձաւ։ Մենք մին­չեւ հի­մա այդ­պի­սի ցաւ չէինք ապ­րած։ Հօ­րեղ­բօրս մա­հէն ետք ո­րո­շե­ցինք, որ պէտք է փախ­չինք»,- ը­սաւ Սօ­սի։

Ան պատ­մեց որ Թուր­քիա տե­ղա­փո­խո­ւե­լէ ետք ա­տեն մը ապ­րած են դպրո­ցի մը սե­նեակ­նե­րուն մէջ, իսկ յե­տոյ վրա­նա­յին ճամ­բար։ «­Մենք Քո­պա­նիէն փա­խանք եւ Թուր­քիոյ սահ­մա­նը ան­ցանք, տա­րի մը Թուր­քիոյ մէջ մնա­ցինք։ Մե­զի հետ հոն շատ ա­ղէկ կը վա­րո­ւէին, ոչ մէկ ան­գամ նե­ղու­թիւն ապ­րե­ցանք»,- ը­սաւ ան։
­Սօ­սի Թով­մա­սեան դի­տել տո­ւաւ, որ Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու ա­ռա­ջար­կը ի­րենց ը­րած էր Թուր­քիոյ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Ա­րամ Սր­բա­զան ու ան է որ օգ­նած էր, որ ի­րենք Հա­յաս­տան փո­խադրուէին։

Սօ­սի նաեւ նշեց որ Քո­պա­նիի մէջ կ­՚ապ­րէին հինգ հայ ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ լքած են քա­ղա­քը։ Միւս եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կը մնա­ցած է Սու­րուչ՝ Թուր­քիոյ վրա­նա­յին ճամ­բար­նե­րէն մէ­կուն մէջ, իսկ միւ­սը մեկ­նած է Ֆ­րան­սա։

Ե­րեք ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք 13 ան­դամ­ներ ու­նին, պի­տի բնա­կին Կի­լի­կիա թա­ղը, վար­ձու բնա­կա­րան­նե­րուն մէջ։