Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ArmenianGenocide100.org կայ­քը հար­ցազը­րոյց մը կա­տա­րած է իս­րա­յէ­լա­ցի պատ­մա­բան, ա­կա­դե­մա­կան եւ Ող­ջա­կի­զու­մի եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գէտ Եաիր Օ­րո­նի հետ, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան 12րդ ­գի­տա­ժո­ղո­վին։

Խօ­սե­լով ­Թուր­քիոյ եւ թուրք ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու ժխտո­ղա­կա­նու­թեան եւ ու­րաց­ման մա­սին` Օ­րոն կը յայտ­նէ, որ ներ­կա­յիս թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ փո­փո­խու­թիւն կը նկա­տուի. հետզ­հե­տէ յա­ւե­լեալ մար­դիկ պատ­րաս­տա­կամ են քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լու եւ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը կը քա­ջա­լե­րեն, երբ շուրջ 5 տա­րի ա­ռաջ ա­նոնք կրնա­յին բան­տար­կո­ւիլ։

«Ա­նոնք եր­բեք չեն կրնար ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն մը ըլ­լալ, ե­թէ պատ­մու­թեան հետ չա­ռե­րե­սո­ւին»,- կը նշէ ան։

­Պա­տաս­խա­նե­լով Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մա­սին հար­ցու­մի մը՝ Օ­րոն ը­սաւ.- «Ե­թէ այս հար­ցու­մը ին­ծի մէկ ա­միս ա­ռաջ հարց­նէիք, պա­տաս­խանս ժխտա­կան պի­տի ըլ­լար։

«Իսկ հի­մա չեմ կար­ծեր, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ճանչ­նայ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, սա­կայն կը կար­ծեմ Ք­նե­սե­թը, խորհր­դա­րա­նը պի­տի ճանչ­նայ»։