Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ Հա­մալ­սա­րա­նա­կան Ու­սա­նող­նե­րու Միու­թեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), Ե­րեք­շաբ­թի՝ 1 Սեպ­տեմ­բերին, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Եր­ջօ ­Սա­մո­ւէ­լեան-Ե­ռա­գոյն» սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյց-հան­դի­պում` ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րան մեկ­նած ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բա­նու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ, ներ­կա­յու­թեամբ ­Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեա­նի, հո­գե­ւոր հայ­րե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ ազ­գա­յին­նե­րու:

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի ա­նու­նով ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ա­րազ ­Գո­ճա­յեան, որ ող­ջու­նե­լէ ետք ներ­կա­նե­րը՝ ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րի գլխա­ւոր կէ­տե­րը: ­Պատ­մա­կան յե­տա­դարձ ակ­նար­կով ­Գո­ճա­յեան անդ­րա­դար­ձաւ ­Սիս ա­նո­ւան ծա­գու­մին` նշե­լով, որ ­Սիս քա­ղա­քին ա­նու­նը ե­կած է ­Քա­սիս բա­ռէն, որ ա­սիս կը հնչո­ւէր եւ որ կը նշա­նա­կէ` քա­հա­նայ: ­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին այ­բը իյ­նա­լով` դար­ձած է ­Սիս: Ու­րեմն ­Սի­սը` քա­հա­նա­նե­րու վայ­րը, պա­տա­հա­կա­նու­թեամբ չէ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին կա­թո­ղի­կո­սա­նիստ քա­ղա­քը դար­ձած է: ­Ներ­կա­յիս ­Սի­սը կը կո­չո­ւի ­Գո­զան, որ ե­կած է ­Գո­զա­նօղ­լու ա­նու­նով ըն­տա­նի­քէ մը: Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին թե­լադ­րու­թեամբ եւ խի­զախ քայ­լով 22 Օ­գոս­տոս 2015ին, ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բա­նու­թե­նէն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լեց ­Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րան: Ա­սի­կա ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ա­ռա­ջին քայ­լը ե­ղաւ ­Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ­Սի­սը ան­գամ մը եւս մկրտե­լու իր պատ­մա­կան ա­նու­նով եւ ա­նոր թա­քուն միւ­ռո­նա­բոյր ինք­նու­թիւ­նը յայտ­նա­բե­րե­լու:

Ա­պա՝ յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րան մեկ­նած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ միա­բան­նե­րը` զե­կու­ցե­լով ի­րենց ապ­րած փոր­ձա­ռու­թեան եւ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

­Նախ եւ ա­ռաջ խօսք ա­ռաւ ­Յու­սիկ Ծ. վրդ. ­Մար­տի­րո­սեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին դէմ դա­տա­կան հար­ցի յա­րուց­ման շար­ժա­ռիթ­նե­րուն, պայ­ման­նե­րուն եւ առն­չա­կից ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն: Ան նշեց, որ այս ի­մաս­տով Փետ­րո­ւար 2012ին Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով մը, ո­րուն ա­ւար­տին կազ­մո­ւե­ցաւ յա­տուկ յանձ­նա­խումբ` մաս­նակ­ցու­թեամբ հայ, ինչ­պէս նաեւ թուրք փաս­տա­բան­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու, ինչ­պէս` ­Թա­ներ Աք­չամ եւ ու­րիշ­ներ: ­Հայր սուր­բը շեշ­տեց, որ այս քայ­լով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ ­Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լո­ւա­ծին վե­րա­դար­ձը եւ հոն կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րե­լու ի­րա­ւունք եւ ոչ թէ նիւ­թա­կան հա­տու­ցում: ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի ետք այս ծի­րին մէջ է, որ պատուի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լեց ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րան եւ հոն կար­դաց Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը: Ա­պա՝ ­Պետ­րոս Վրդ. ­Մա­նո­ւէ­լեան խօ­սե­ցաւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այս ա­ռա­քե­լու­թեան գործ­նա­կան քայ­լե­րուն, նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, յատ­կա­պէս ­Թուր­քիոյ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ: ­Հայր սուր­բը ման­րա­մաս­նեց ­Պէյ­րու­թի օ­դա­կա­յա­նէն մին­չեւ Ա­տա­նա եր­թու­դար­ձի ըն­թաց­քին պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ապ­րած փոր­ձա­ռու­թեան եւ ­Սի­սի ա­ւե­րակ բնօր­րա­նին մէջ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեան ու Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի պատ­գա­մի ըն­թեր­ցու­մին ու այս բո­լո­րը հայ թէ օ­տար հան­րու­թեան փո­խան­ցե­լու մի­ջոց­նե­րը:

Իսկ ­Թոր­գոմ Վրդ. ­Տօ­նո­յեան անդ­րա­դար­ձաւ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի պատ­մա­կան ծագ­ման, երբ Ե­գիպ­տո­սի մեմ­լուք­նե­րուն կող­մէ Հ­ռոմկ­լա կա­թո­ղի­կո­սա­նիստ նստա­վայ­րի քան­դու­մէն ետք 1293ին կը հիմ­նո­ւի ­Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը: «Ա­ւե­լի քան հա­զար տարուան պատ­մու­թիւն ու­նի ­Կի­լի­կիոյ դե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, եւ այ­սօր մենք ­Կի­լի­կիա­յէն միայն մէկ սրբու­թիւն ու­նինք, որն է` ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը: 100 տա­րիէ ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ը­սինք թուր­քին, որ այս հո­ղը մեր ժո­ղո­վուր­դին կը պատ­կա­նի:

­Հայ ե­կե­ղե­ցին նոյ­նա­ցու­ցած է ինք­զինք հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ: ­Կի­լի­կիան ու­նի իր կրկնօ­րի­նա­կը` Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քը, որ կը շնչէ ­Կի­լի­կիոյ ո­գիով»,- ընդգ­ծեց հայր սուր­բը: «­Մենք իբ­րեւ զբօ­սաշր­ջիկ չգա­ցինք, այլ գա­ցինք ի­րա­ւա­տէ­րի, տան­տէ­րի հան­գա­ման­քով, վա­խի զգա­ցում բա­ցար­ձա­կա­պէս չկար, թե­րեւս մեր աչ­քե­րուն մէջ ար­ցունք կար, ա­յո՛, թէ 100 տա­րի ետք հա­յու ա­ղօթ­քը պի­տի հնչէ ­Սի­սի սրբա­վայ­րէն»,- շեշ­տեց ­Թոր­գոմ Վրդ. ­Տօ­նո­յեան: Ա­պա՝ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն:

«Ազ­դակ»ի այն հար­ցու­մին, թէ այս քայ­լը ի՞նչ ար­ձա­գանգ գտած է թուրք հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ եւ ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան յա­րու­ցած դա­տա­կան հայ­ցին գծով, ­Յու­սիկ Ծ. Վրդ. ­Մար­տի­րո­սեան յայտ­նեց, որ ա­ռա­ւե­լա­բար գնա­հա­տող­ներ ե­ղած են այս խի­զախ քայ­լը, նոյ­նիսկ թուրք անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը շնոր­հա­ւո­րած է զայն ե-նա­մա­կով: ­Հայր սուր­բը նաեւ յայտ­նեց, որ ըստ օ­տար մաս­նա­գէտ­նե­րու, այս քայ­լը կրնայ իր դրա­կան անդ­րա­դար­ձը ու­նե­նալ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին դէմ բա­ցո­ւած դա­տին գծով, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նին մէջ:

Ա­ւար­տին իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցեց ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեան, որ գնա­հա­տե­լով Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի այս քայ­լը մաղ­թեց, որ հա­մալ­սա­րա­նա­կան հայ ու­սա­նող­ներ հա­մախմ­բո­ւին Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի շուրջ: Սրբա­զան հայ­րը մեծ ե­րախ­տի­քով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, որ «վստա­հա­բար ար­կա­ծախնդ­րու­թեան չձեռ­նար­կեց, այլ` յի­շեց­նե­լու, թէ ­Սի­սի մէջ ու­նինք սե­փա­կան հող, ար­դար ի­րա­ւունք­ներ եւ այն­քան ա­տեն որ մենք տան­տէ­րի եւ ի­րա­ւա­տէ­րի մտայ­նու­թեամբ կը մնանք պա­հան­ջա­տէր եւ չենք հրա­ժա­րած ու ա­ռիթ կը ստեղ­ծենք մեր ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու թէ­կուզ ա­ւե­րա­կո­ւած ­Սի­սի բնօր­րա­նէն, զայն խլո­ղը չի կրնար քնա­նալ»: ­Շա­հէ Սրբա­զան նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն` մաղ­թե­լով, որ հա­սա­րա­կաց այս հար­ցե­րը մնան հայ ժո­ղո­վուր­դի մնա­յուն մտա­հո­գու­թեան նիւթ:

Այս ա­ռի­թով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ կար­ճա­տեւ տե­սաե­րիզ մը ­Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մա­սին, ուր մէջ­բե­րում­ներ ե­ղած էին Ա­րամ Ա. Վե­հա­փա­ռի պատ­գա­մէն եւ տե­ղադ­րո­ւած էին ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ա­ւե­րակ­նե­րուն մէջ կա­տա­րո­ւած հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն պատ­կեր­ներ: