Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Այս շեշ­տա­ւո­րու­մով, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս ֆրան­սե­րէն լեզո­ւով իր խօս­քը ուղ­ղեց Շա­բաթ՝ 29 Օ­գոս­տոս 2015ի ե­րե­կո­յեան բազ­մա­հա­զար հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, ո­րոնք ե­կած էին ­Հա­րի­սա­յի ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ­նե­րու Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քը` տօ­նախմ­բե­լու նա­հա­տակ ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ Ե­պիս­կո­պոս Ֆ­լա­ւիա­նօ ­Մի­շել ­Մել­քիի ե­րա­նա­ցու­մը: Ար­դա­րեւ, 1915ին ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­քին նաեւ ­Մար­տի­նի մէջ նա­հա­տակուած էր շրջա­նի ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նոր­դը` Ֆ­լա­ւիա­նօ ­Մի­շել ­Մել­քին: ­Վեր­ջերս Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պը ե­րա­նա­ցու­ցած էր նա­հա­տա­կը` իբ­րեւ ա­ռա­ջին քայլ ա­նոր սրբա­ցու­մին` հա­մա­ձայն Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­դաս­ման գոր­ծըն­թա­ցին: Այս ա­ռի­թով պա­տա­րա­գեց ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ Եու­նան Գ. Պատ­րիար­քը: ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կար­դա­ցո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պին սրբա­դաս­ման հռչա­կա­գի­րը, եւ ա­պա յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին Պա­պի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը` կար­տի­նալ Ան­ժե­լօ Ա­մա­թօ, ­Ռա­յի Պատ­րիար­քը, ­Հա­զիմ Պատ­րիար­քը եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը: Իր խօս­քի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նախ անդ­րա­դար­ձաւ նա­հա­տա­կու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թեան քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ: Ա­պա, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ այդ ծի­րին մէջ ­Մել­քի Ե­պիս­կո­պո­սին նա­հա­տա­կու­թիւ­նը: Իր խօս­քի ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ, որ նա­հա­տակ­նե­րը ան­ցեա­լին չեն պատ­կա­նիր, ա­նոնք ի­րենց կեան­քով ու պատ­գա­մով կեն­դա­նի ներ­կա­յու­թիւն են ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ: Այ­սօր մեր նա­հա­տակ­նե­րը կը պատ­գա­մեն մե­զի.- «­Կառ­չե­ցէ՛ք ձեր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ու ի­րա­ւունք­նե­րուն ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ, շա­րու­նա­կե­ցէ՛ք ձեր քրիս­տո­նէա­կան վկա­յու­թիւ­նը` հա­կա­ռակ ձեզ շրջա­պա­տող ա­հա­ւոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն:

­Յի­շեալ ա­րա­րո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին ներ­կայ էին ­Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նոսեան եւ մի­ջ-ե­կե­ղե­ցա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ ­Յու­սիկ Ծ. վրդ. ­Մար­տի­րո­սեան: