-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-
Հինգշաբթի՝ 27 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի յատուկ նիւթ դարձան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, ինչպէս նաեւ երկրին անդորրութիւնը պահելու և նախագահական ընտրութիւնը շու տափոյթ կերպով կատարելու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային ընվզումին նկատմամբ, միաժամանակ զգուշացնելով ժողովրդային ցոյցերուն քաղաքական բնոյթ տալու եւ օրինական ուժերուն հետ բախումներ յառաջացնելու վնասաբեր փորձերէն: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով երկրին դիմագրաւած շարք մը հարցերու լուծման առաջնորդող ապահով ճանապարհ: Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Մարոնի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքին ներկայացուցիչը: Վերջինս տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Պատրիարքին վերջերս ունեցած հանդիպումներուն գծով, յատկապէս` նոր նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ: Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթը դարձաւ Երկուշաբթի՝ 31 Օգոստոսին Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումը: